ՖՐԵԶՆՕ.- 2018-2019 կրթական տարեշրջանի Աշնանային կիսամեակին համար Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող «Հենրի Ք. Գազանճեան Գազան»Հայագիտական ծրագիրի այցելու դասախօս նշանակուած դոկտ. Ումիթ Քիւրթ, Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, հանրային դասախօսութիւն մը եւս պիտի տայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Այնթապի եւ անոր կից շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն գլխաւոր դահիճներ՝ Մեհմետ Եասինի եւ Ալի Չենանի դերակատարութեանց մասին:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191): Ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ:
Դոկտ. Ումիթ Քիւրթ Ֆրեզնօ իր կեցութեան ընթացքին արդէն իսկ ներկայացուցած էր Ճեմալ փաշայի մասին դասախօսութիւն մը, մինչեւ կիսամեակին աւարտը այլ հանրային դասախօսութիւն մը եւս պիտի ներկայացնէ։ Ան ուսումնասիրած է յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հայերէն կալուածներու բռնագրաւման ծալքերը եւ մասնագիտացած է Հայոց Ցեղասպանութեան, զանգուածային բռնարարքներու, հարստութեանց փոխանցումներու, տեղական վերնախաւերու, թուրք ազգայնականութեան եւ Այնթապի հայութեան պատմութեան մարզերուն մէջ: Դոկտ. Քիւրթ 2016ին դոկտորի կոչում ստացած է «Քլարք» համալսարանէն եւ հեղինակն ու համահեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու եւ հատորներու, ինչպէս նաեւ խմբագրած է մասնագիտական թերթեր:
Դասախօսական ձեռնարկին մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է շարել P6 կամ P5 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով Հայագիտական ծրագիրէն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:
Asbarez.com
Leave a Reply