Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ 1 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ պատմաբաններու հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց. «Չենք յարգեր որոշումները խորհրդարաններուն, որոնք կ՛ընկրկին հայկական սփիւռքին դիմաց եւ կ՛արգիլեն թրքական տեսակէտները»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Հակառակ բոլոր ջանքերուն, 1915-ի դէպքերը օգտագործելով մեր պատմութիւնը աղարտել ուզողները չհասան իրենց նպատակին», ըսաւ Օքթայ:
Ան Պեշթեփէ ազգային քոնկրեսի եւ մշակութային կեդրոնին մէջ Թուրքիոյ պատմութեան 18-րդ հաւաքին ընթացքին յայտնեց. «Աղարտման արշաւները, որոնք մասնաւորաբար աշխուժացան 2015-էն առաջ, պատմութեան նկատմամբ մեր կեցուածքին եւ Թուրքիոյ պատմութեան ընկերակցութեան նման մեր պաշտօնական հաստատութիւններուն կառոյցներուն ջանքերով ետ մղուեցան»:
«Կարիքը չունինք մեր պատմութիւնը դիտարկելու «ժառանգութեան ժխտում»-ով կամ «վերատեսական» հայեացք որդեգրելով», ըսաւ Թուրքիոյ փոխնախագահը:
http://www.aztagdaily.com/archives/410689
Leave a Reply