“Ազնաւուրի մահը համամարդկային կորուստ է”․ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրաստիճան ղեկավարներ կը ցաւակցին Շառլ Ազնաւուրի մահուան առիթով

Հոկտեմբեր 1ին 94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուր: Այս առիթով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրաստիճան այրեր ցաւակցութիւններ կը յղեն։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շառլ Ազնաւուրի մահուան առիթով յղած ուղերձին մէջ կը ցաւակցի Ֆրանսայի ժողովուրդին, մեզի՝ բոլոր հայերուս, եւ աւելցնելով կ՛ըսէ․  «․․․Սա իսկապէս մեծ համամարդկային կորուստ է, որովհետեւ Ազնաւուրը մարդ է, որ ստեղծած է ոչ միայն ազգային, այլեւ համամարդկային արժէքներ, որոնք երկար տարիներ մարդկութեան պիտի ուղեկցին դէպի սէր ու համերաշխութիւն` այդ արժէքներու հիման վրայ մարդոց մղելով դէպի առաքինութիւն»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ցաւակցական իր ուղերձին մէջ կը նշէ, որ Ազնաւուրի գլուխգործոցները երկար պիտի շարունակեն ապրիլ: «Խոր ֆրանսական, ներքինով իր հայկական արմատներուն կառչած, ողջ աշխարհի մէջ ճանչցուած Շառլ Ազնաւուրը ուղեկցած է 3 սերունդներու ուրախութիւններն ու տխրութիւնը: Անոր գլուխգործոցները, անոր հնչերանգը, անոր անկրկների փայլը երկար պիտի շարունակեն ապրիլ»,- գրած է նախագահ Մաքրոն:

Մաքրոն Թուիթըրի իր էջին մէջ նշած է, որ ինք աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրը հրաւիրած էր Երեւան` մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին, որու ծիրէն ներս պէտք է ան երգեր:

«Ֆրանսայի ժողովուրդը կը կիսէ հայ ժողովուրդի վիշտը»,- գրած է Ֆրանսայի նախագահը:

«Ազնաւուրը բոլորի համար միշտ բեմի վրա պիտի ըլլայ», նշած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ։ «Երեւանէն մինչև Փարիզ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ բարձրաձայն կ՛երգէր սիրոյ ու ազատութեան մասին: Շառլ Ազնաւուրը քիչ առաջ լքեց մեզի, բայց մեզի համար ան միշտ բեմի վրայ պիտի ըլլայ»,- Թուիթըրի իր էջին մէջ գրած է Հոլանտ:

Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ՝ ցաւակցութիւն յայտնելով անոր ընտանիքին եւ մտերիմներուն՝ գրած է, որ «շատ ցաւալի է լսել Շառլ Ազնաւուրի մահուան լուրը, փարիզեցիի, որ դարձած էր ֆրանսական երգի իսկական խորհրդանիշը եւ Հայաստանի կրքոտ դեսպանը ամբողջ աշխարհի մէջ:

«Ֆրանսան մեծ կորուստ կրած է․ կեանքէն հեռացած է մեծանուն երգահան Շառլ Ազնաւուրը, իսկական առասպելը, որ հատած է սահմաններն ու դարաշրջանները։Ֆրանսիացիները կորսնցուցին Շառլ Ազնաւուրը, անձնաւորութիւն, որ աւելի քան 70 տարի գերած է իր անմոռանալի երգերով»», գրած է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆրանսուազա Նիսեն:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցական հեռագիր յղած է Շառլ Ազնաւուրի ընտանիքին` յայտնելով իր խորին ցաւակցութիւնը: Ցաւակցական հեռագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատականը յայտնած է այն եզակի դերի մասին, որ Շառլ Ազնաւուրը ունեցած է միջազգային հարթակի, յատկապէս երաժշտութեան ոլորտի մէջ: Ան նաեւ շեշտած է Շառլ Ազնաւուրի ունեցած կարեւոր նպաստը միջազգային շրջանակներու մէջ հայ ժողովուրդի արդար դատի ճանաչման եւ անոր կարեւոր դերը անկախացումէն ետք Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման գործին մէջ:

Ցաւակցական ուղերձներ յղած են նաեւ մշակոյթի գործիչներ։

Մեծանուն հայ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան մեծ ցաւով տեղեկացած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնուաւուրի մահուան մասին:  «Մեծագոյն կորուստ վրայ հասաւ, եւ այլեւս մեզի հետ չէ հայ-ֆրանսական, հայ համաշխարհային երգի ասպետը, որ դեռ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն սկսած մինչեւ այսօր տիրապետող ուժ էր: Ան աշխարհի ժողովուրդներուն հայ սէրը եւ հայ սիրտը բաժնող մեծագոյն առաջնորդն էր»,-ըսած է Մանսուրեան:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ