Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Թուրքիան չի զօրակցիր Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն»` աւելցնելով. «Թուրքիան պիտի շարունակէ Թուրքիոյ հետ առեւտուրը, հակառակ ատոր վրայ հաստատուած սահմանափակումներուն»:
«Թուրքիան գերիշխան եւ անկախ պետութիւն է: Եթէ պատժամիջոցները ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած ըլլան, անոնց պիտի միանանք, այլապէս` ոչ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու առաջին ծրարը ուժի մէջ մտաւ օգոստոսին: Անոնք կը վերաբերին ելեւմտական, առեւտրական ու ճարտարագիտական ոլորտին եւ կ՛արգիլեն իրանեան կառավարութեան հետ տոլարով փոխանակումներ կատարելը, ինչպէս նաեւ յարգի մետաղներու, մասնաւորաբար ոսկիի առեւտուրը:
Ըստ որդեգրուած ամերիկեան որոշումին, պատժամիջոցներ կը հաստատուին այն կառավարութիւններուն եւ ընկերութիւններուն դէմ, որոնք առեւտուր կը կատարեն իրանեան ռիալով կամ կը գնեն իրանեան կառավարութեան պարտատոմսերով:
Leave a Reply