Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ արմատական խմբաւորումները արդէն իսկ սկսած են հեռանալ ռուս–թրքական համաձայնութեան հիմամբ գոյանալիք Իտլիպի ապազինեալ գօտիէն: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Էրտողան այս մասին յայտարարած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Էրտողան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն յաջողութիւնը անկարելի է, այնքան ատեն որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը մնայ իշխանութեան վրայ: «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար մնալ իշխանութեան վրայ, եւ անոր ներկայութեան խաղաղութեան հաստատման ջանքերու յաջողութիւնը անկարելի է», ըսաւ ան:
Էրտողան նաեւ յայտարարեց. «Թուրքիա պիտի շարունակէ Իրանէն բնական կազ ներածել` հակառակ ամերիկեան պատժամիջոցներուն»:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ամերիկացի պատուելի Անտրիւ Պրանսընի հարցին մասին` Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ. «Ասիկա արդարադատական հարց մըն է: Պրանսըն ձերբակալուած է ահաբեկչութեան ամբաստանութեամբ… 12 հոկտեմբերին այլ դատական նիստ մը պիտի գումարուի, եւ մենք չենք գիտեր, թէ դատարանը ի՛նչ պիտի որոշէ, քաղաքագէտները այդ վճիռին մէջ որեւէ խօսք պիտի չունենան»:
«Իբրեւ նախագահ, ես իրաւունք չունիմ անոր ազատ արձակումը հրամայելու: Մեր արդարադատութիւնը անկախ է: Սպասենք եւ տեսնենք, թէ դատարանը ի՛նչ պիտի որոշէ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Թուրքիան 12 հոկտեմբերի դատական նիստի ընթացքին ազատ պիտի արձակէ ամերիկացի պատուելին, եթէ Ուաշինկթըն դադրի ճնշում բանեցնելէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ յուսալից է, թէ Թուրքիան այս ամիս ազատ պիտի արձակէ Պրանսընը:
Leave a Reply