Ա. Ա.
Հայաստան–Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Ցիւրիխեան փաստաթուղթը չեղեալ հռչակուելէն ի վեր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այսքան անկեղծ եւ յստակ յայտարարութիւն չէր կատարած: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին, որ նուիրուած էր Կովկասեան իսլամական բանակին կողմէ Պաքուի «ազատագրման» հարիւրամեակին, Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կենսական պայման մըն է, որպէսզի Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ Երեւանի հետ: Ան նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիա իր սահմանները բնաւ պիտի չբանայ իր հարեւանին հետ, այնքան ատեն որ հայկական ուժերը վերջ չեն տուած ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման:
Ազրպէյճանի մայրաքաղաքէն արձակուած այս կէս սպառնական ոճով հաստատումը անշուշտ նորութիւն մը չէ: Անոր էութիւնը գոյութիւն ունէր առաջին իսկ օրէն, այն վայրկեանէն, երբ չարաբաստիկ պահու մը Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցաւ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման տխրահռչակ համաձայնագիրը: Ապա տարբեր առիթներով, թէեւ` ոչ այսքան յստակութեամբ, ըլլայ Էրտողան, ըլլայ ուրիշներ նախապայման համարեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ի նպաստ Ազրպէյճանի լուծումը, այսպէս ըսուած` ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը, ազրպէյճանցի «գաղթական»-ներու իրենց բնակարանները վերադարձը, որպէսզի պետական շրջափակման ենթակայ Հայաստանի հետ թրքական սահմանները բանային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկսէին:
Էրտողան նաեւ Խոջալուի ողբերգական դէպքերը շահագործեց` ակնյայտօրէն ցեղասպանի մը իրաւայաջորդի ցայտուն հոգեբանական իրավիճակը առաւել ցոյց տալով, երբ խօսեցաւ այդ դէպքերուն մասին ու զանոնք որակեց ցեղասպանական ոճիր:
Խոջալուն կը գտնուի Շուշիէն եւ Ստեփանակերտէն դէպի Աղտամ (Ակնա, խմբ.) տանող ճամբուն վրայ եւ մինչ 1992-ի արցախեան գոյապայքարը` վերածուած էր ամբողջական պատերազմի մը, արցախցիները որոշեցին Խոջալուն ազատագրել, որովհետեւ իրենց գոյատեւման համար կենսական էր շրջանին մէջ միակ օդակայանը ընդգրկող այս աւանին վրայ հակակշիռ ունենալ: Այդ ժամանակ Արցախ Հայաստանի հետ ցամաքային կապերէ զուրկ էր եւ ենթակայ էր ամբողջական շրջափակման մը` Ազրպէյճանի կողմէ:
Խոջալուն նաեւ վերածուած էր Ստեփանակերտը ռմբակոծելու խարիսխի, եւ օրէ օր առաւել կը շեշտուէր այս փորձանքէն փրկուելու համար ազդու միջոցներու դիմելու հրամայականը: Խոջալուն ազատագրուեցաւ փետրուար 1992-ի եւ տեղւոյն ազրպէյճանցի բնակչութեան առիթ տրուեցաւ մարդասիրական անցքէ մը դուրս գալ աւանէն:
Խոջալուի ողբերգական դէպքերուն մասին բաւական տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, եւ որոնք կը խօսին պատերազմական իրավիճակի մը մէջ քաոսին մասին, ուր ինչպէս այդ օրերու Ազրպէյճանի նախագահ Այազ Մութալիպովը, 2 ապրիլ 1992-ին ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ յստակօրէն կը շեշտէ, որ ազրպէյճանական ուժեր կուրօրէն կրակ բացին եւ սպաննեցին այն ազրպէյճանցիները, որոնք կը ջանային խոյս տալ: Մութալիպովը կ՛ամբաստանէ իր ընդդիմադիրները, որոնք կազմակերպեցին Խոջալուի ջարդերը, որպէսզի զինք տապալեն:
Կայ այլ կարեւոր հանգամանք մը: Խոջալուի ազատագրումէն ետք հայկական ուժերը արտօնեցին, որ ազրպէյճանական կողմը սպանեալներուն դիակները հաւաքէ: Եւրոպացի ականաւոր մասնագէտներ դիտել կու տան, թէ ցեղասպանութիւն գործած կողմը ի՛նչ տրամաբանութեամբ թոյլ պիտի տար, որ իր զոհերուն դիակները հաւաքէին: Նման քայլ անշուշտ որ անվիճելի փաստերու եւ ապացոյցներու հաւաքագրումը պիտի ըլլար, եւ հայկական կողմին համար բնաւ ձեռնտու չէր ասիկա:
Հիմա, Պաքուէն Խոջալուի ողբերգական դէպքերուն անդրադառնալով, Էրտողան կը յայտարարէր, թէ ան, որ ցեղասպանութիւն գործած է, իրաւունք չունի Թուրքիոյ պատմութեան դասեր տալու: Եւ տրամաբանութիւնը յստակ է: Էրտողան, թէկուզ` խոցելի վիճակով մը, կարիքը ունի մնայուն կերպով յիշեցնելու, որ Թուրքիա ցեղասպանութիւն չէ գործած` ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանն ու հայկական Կիլիկիան իր բնիկ հայ բնակչութենէն պարպելով եւ զանոնք Սուրիոյ ու Միջագետքի անապատները քշելով:
Ազրպէյճանի մայրաքաղաքէն նման կեցուածք յայտարարելով` Էրտողան երկու կէտ առաւել կը յստակացնէ: Առաջինը, որ ցեղասպանութիւն ծրագրած ու գործադրած Երիտասարդ թուրքերու համաթուրանական ախորժակները ունի: Երկրորդ, Խոջալուի ողբերգական դէպքերու շահագործմամբ, կը ջանայ ներկայանալ իբրեւ ազրպէյճանցիներու «դատ»-ին պաշտպանը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ցեղասպանի իրաւական յաջորդ ըլլալու իրողութիւնը պարտկելու հոգեբանական խոց մը:
Leave a Reply