Հայ-թրքական արձանագրութիւնները մեր օրակարգին վրայ չեն եւ պիտի չըլլան. թուրք պաշտօնեայ

•

Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքըր՝ Պաքու կատարած պաշտօնական այցին ընթացքին՝ յայտարարած է, որ յանձնաժողովը հայ–թրքական արձանագրութիւնները օրակարգի վրայ պիտի չբերէ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական ԶԼՄ-ներու հարցերուն պատասխանելով՝ Պոզքըր հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ ըսած է. «Քանի դեռ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը ես եմ, հայ-թրքական արձանագրութիւնները յանձնաժողովի օրակարգի վրայ չեն ու պիտի չըլլան»:

Պոզքըր անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հիմնախնդիրին, նշելով, որ անիկա եղած է ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու օրակարգին վրայ: Ընդգծելով, որ ԼՂ խնդիրը Թուրքիոյ համար առաջնային հարց է, ան յիշեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խօսքերը, որ «քանի դեռ ԼՂ հիմնախնդիրը լուծուած չէ, Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբանայ»:

Այս թեմայով Ermenihaber.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ թրքագէտ Անահիտ Վէզիրեան նշած է, որ թուրք գործիչի յայտարարութիւնը թէեւ ժամանակավրէպ է եւ որեւէ կարեւորութիւն չի ներկայացներ, բայց կ՝ընդգրկէ այն ուղերձը, որ Թուրքիան մէկ անգամ եւս կը շեշտէ, որ դեռ ցանկութիւն չունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու:

«2009 Հոկտեմբեր 10-ին, Զիւրիխի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու կարգաւորելու մասին ստորագրուած արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուէին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Ըստ ընթացակարգին՝ նման փաստաթուղթերը պէտք է քննարկուին խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, ապա միայն ներկայացուին խորհրդարան: Այս պարագային այդ յանձնաժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքըրի արձանագրութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը կարեւոր կրնար ըլլալ, եթէ անիկա ժամանակավրէպ չըլլար:

Խնդիրը այն է, որ Մարտ 1-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ Հայաստան կը չեղարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ արձանագրութիւնները այլեւս որեւէ իրաւական նշանակութիւն չունին, քանի որ կողմերէն մէկը, այս պարագային Հայաստանը, հրաժարած է գործընթացէն, միւսի՝ արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու համար նախապայմաններ ներկայացնելուն պատճառով»,- ըսած է Անահիտ Վէզիրեան:

Թրքագէտը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն հանգամանքին վրայ, թէ թուրք պաշտօնեան չէր կրնար նման յայտարարութիւն ընել՝ անտեղեակ ըլլալով, որ Հայաստանը ետ կանչած է իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն եւ անոր բերած հետեւանքներէն: Ուստի, ասիկա, ինչպէս նաեւ այն, որ յայտարարութիւնը եղած է Պաքուի մէջ, թոյլ կու տան եզրակացնելու, որ Պոզքըրի խօսքերը ուղղուած եղած են ատրպէյճանական լսարանին:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ