Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը պատուած է Նորա Արիսեանի գործերը

Դամասկոսի «Տումմար» մշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ ձեռնարկ, որուն ընթացքին Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը «Լուսամուտներ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ պատուած է Նորա Արիսեանի գիտական եւ թարգմանական գործերը:

«Լուսամուտներ» նախաձեռնութեան հիմնադիր Իտրիս Մուրատ ներկայացուցած է Արիսեանի կատարած մեծ ներդրումը սուրիական եւ հայկական մշակութային ոլորտներուն մէջ:

Իր խօսքին մէջ Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նման ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` անդրադառնալով սուրիական գրականութեան ոլորտին եւ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ իր կատարած աշխատանքներուն:

Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան Թարգմանութեան բաժանմունքի տնօրէն Հուսամ Խատուր ներկայացուցած է Արիսեանի թարգմանական աշխատանքը, անոր լեզուական ու թարգմանական կարողութիւնները եւ բազմալեզու թարգմանութիւն կատարելու կարելիութիւնը` զայն նկատելով եզակի երեւոյթ, որ արժանի է մեծարանքի:

Խատուր նաեւ շեշտած է, որ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Արիսեան կը ներկայացնէ նաեւ գրողներու եւ թարգմանիչներու խնդիրները:

http://www.aztagdaily.com/archives/408869

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ