Փայլան կը դատապարտէ Վանի հայամէտ նախկին քաղաքապետը բանտարկելու վճիռը

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան սեպտեմբեր 11ին անդրադարձաւ Վանի հայամէտ նախկին քաղաքապետ Պեքիր Քայանը 8 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու դատավճիռին՝ հետեւեալը գրելով. «Իրաւական պետութիւն չդարձանք, բայց նոյնիսկ օրէնքի երկիր չենք: Նոյնիսկ ցեղապետութիւններու ընթացքին նման դատավարութիւններ տեղի չեն ունեցած: Ամօ՛թ»:

Յիշեցնենք, որ քանի մը տարի առաջ Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելած Քայան, այդ օր բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքով:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ