Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կ’այցելէ Անգարա

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը կը հիւրընկալուի Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան մօտաւոր անցեալի ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով լուրջ վնասի ենթարկուած Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնման հարցերը։

Ինչպէս յայտնի է, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մօտաւոր անցեալին նախկին նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքիի հետ եւս տեսակցած էր նոյն հարցերուն շուրջ։ Էօզհասեքի այդ ժամանակ ցուցաբերած էր դրական վերաբերմունք։ Հաշուի առնելով նախարարութեան պատրաստակամ վերաբերմունքը՝ նորին սրբազնութիւնը Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ վերականգնման խնդիրը այժմ կ՚արծարծէ նաեւ նոր նախարարին հետ։

Դէպի Անգարա միօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին կ՚ընկերանան Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ որպէս գաւազանակիր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F5-09-2018-տարամարքաթէշեանայսօրկ՚այցելէանգարա

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ