Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրն ինչպէ՞ս կը սասնի Հայաստան եւ` Պոլսոյ Համազգային ժողովին ողջոյնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան մասին Աւետիս Ահարոնեանին յղած հեռագիրլուրը, ըստ երեւոյթին, նախ կը հասնի Հայաստանի Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատուն, ուր դեսպան (Ֆ.) Թահթաճեանը իր կարգին հեռագիրին բովանդակութիւնը կը յղէ Հայաստանի Թիֆլիսի դեսպանատուն, որպէսզի ի վերջոյ այնտեղէն հեռագիրով հասնի Երեւան: Ըստ երեւոյթին, կարելի չէր Սեւրէն Երեւան կամ Թիֆլիս հեռագիր ղրկել:

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը Հայաստանի մամուլին մէջ կը տեսնենք 11 օր ետք` 21 օգոստոս 1920-ին, թէեւ անկէ երկու օր առաջ` 19 օգոստոսին «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան» ժողովրդային փառաշուք տօնակատարութիւնը արդէն տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ, որուն լրատուութիւնը նաեւ կը կարդանք «Յառաջ»-ի նոյն համարին մէջ: ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 21 օգոստոս 1920-ի թիւով կը հրատարակուի լուրը. «ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ` ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ» խորագիրով: Ստորեւ լրատուութիւնը` արեւմտահայերէնի վերածուած (1).

«Պոլսոյ մեր դիւանագիտական ներկայացուցիչ Գ. Թահթաճեանէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անունով ամսոյս 12-ին (12 օգոստոս 1920) ստացուած է հետեւեալ աւետաբեր հեռագիրը.

«Ձերդ վսեմութիւն, կը շտապեմ հաղորդել ձեզի այն հեռագիրի բովանդակութիւնը, որ ստացայ Փարիզի մեր պատուիրակութենէն, երէկ (10 օգոստոս 1920).

«Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը նուիրագործող դաշնագիրը այսօր` օգոստոս 10-ին ստորագրեցի Սեւրի մէջ, դաշնակիցներուն հետ միասին:

«Այս փաստին վճիռը, որ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին ազատութիւնը, հրճուանքով կը լեցնէ մեր սիրտերը եւ կաթոգին երախտագիտութեամբ` բոլորին հանդէպ, որոնք փառքով ինկան հայրենիքին համար:

«Խնդրեմ` այս հեռագիրին մասին հաղորդել Թիֆլիս (դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիգրան) Բէգզադեանին` հասցնելու համար Երեւան, եւ պատճէնը հայկական ազգային իշխանութիւններուն` Պոլիս:

(Աւետիս) Ահարոնեան»

Խորին հրճուանքով ձերդ վսեմութեան կը հաղորդեմ այս լուրը:

Յարգանօք` (Տիգրան) Բէգզադեան»:

Յատկանշական է այս առիթով Թուրքիոյ հայկական համայնքին յղած հետեւեալ շնորհաւորական նամակը: 3 հոկտեմբեր 1920-ի թիւով «Յառաջ» կը հրատարակէ «Պոլսոյ Համազգային ժողովի ողջոյնը» Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան առիթով (2).

«Վսեմաշուք պ. Համօ Օհանջանեան, վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան,

«Հայաստանի Հանրապետութեան Կոստանդնուպոլսոյ ներկայացուցիչ պ. Ֆ. Թահթաճեանի միջոցով ծանօթացած ըլլալով պ. Աւետիս Ահարոնեանի հեռագիրին, որ կ՛աւետէր օգոստոս 10-ին Սեւրի մէջ Թուրքիոյ (վերաբերեալ) դաշնագիրը ստորագրուած ըլլալը, Համազգային ժողովը սրտագին կը շնորհաւորէ հանրապետութեան կառավարութիւնդ այս բարեբաստիկ իրողութեան առթիւ:

«Սեւրի դաշնագիրը, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը կը ստորագրէր իբրեւ անկախ եւ աշխարհի հզօրներու դաշնակից պետութիւն, միջազգային նուիրագործումն էր հայ ժողովուրդին դարաւոր բաղձանքին` Հայաստանի անկախութեան:

«Թէեւ Սեւրի դաշնագիրը չ՛իրագործեր մեր ազգային բոլոր բաղձանքները, սակայն անիկա առաջին հանգրուանն է դէպի հայ ժողովուրդին մեծ իտէալը, որուն անվրէպ պիտի հասնի` շնորհիւ աննկուն կամքին եւ անփոխարինելի կորովին, որ արդէն ցոյց տուաւ ազատութիւնը կորզելու համար իր երկար ջանքերուն տեւողութեան:

«Այդ կամքը եւ կորովը Համազգային ժողովը կը յուսայ, որ զօրավիգը եւ ուժը պիտի ըլլայ Հայաստանի կառավարութեան` դաշնագիրով իրեն խոստացուած իրաւունքները իրագործելու եւ գրաւելու համար այն նահանգները, որոնք դաշնագիրով հայ հանրապետութեան կը կցուէին:

«Համազգային ժողովը կը մաղթէ, որ այսպէս դաշնագիրը իրագործուելէ ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը կատարելապէս յաջողի ազատագրութեան պայքարին մէջ` խորապէս վիրաւոր հայութիւնը վերականգնելու եւ աւերուած հայրենիքը վերաշինելու եւ կենսունակ գործունէութեամբ իրագործելու հայ ազգին բոլոր բաղձանքները:

«Համազգային ժողովը լիայոյս է հայ հանրապետութեան ապագային վրայ եւ կը հաւատայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն կարելին պիտի ընէ արդարացնելու համար թէ՛ ազգին եւ թէ՛ օտարներուն կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը:

«Մաղթելով ամէն յաջողութիւն ձեր ձեռնարկներուն եւ գործերուն,
Մնանք խորին յարգանքներով`
Պատրիարք Հայոց`
Զաւէն Արքեպիսկոպոս
Ազգապետ աւետարանականներու`
Մեսրոպ Պեզճեան
Պատրիարքի տեղակալ հայ կաթողիկէներու`
Արժ. Սայեղեան»:

25 օգոստոս 2018

————————–

(1) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 178, 21 օգոստոս 1920, էջ 2:
(2) «
Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 215, 3 հոկտեմբեր 1920, էջ 3:

http://www.aztagdaily.com/archives/407575

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ