Արամ Աթէշեան Էրտողանի հրաւէրով Անգարայի մէջ մասնակցած է յաղթանակի տօնին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութեան

Օրերս Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հրաւէրով՝ Անգարայի մէջ մասնակցած է յաղթանակի տօնին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութեան, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Աթէշեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ նախագահի հետ ջերմ լուսանկարներ հրապարակած է` առանց մեկնաբանութեան:

«Արքեպիսկոպոս Աթէշեան կարճ, բայց անմիջական զրոյց մը ունեցած է նախագահ Էրտողանի հետ` անոր փոխանցելով շնորհաւորանքներ ու բարեմաղթանքներ պատրիարքական աթոռի, հոգեւոր դասի եւ համայնքի անունէն: Էրտողան իր հերթի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է արքեպիսկոպոսին», -կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը:

Հանդիպման ընթացքին, սակայն, համայնքային խնդիրներ չեն քննարկուած, չէ շօշափուած նաեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան թեման: Թէեւ նախագահ Էրտողան դեռ անցած տարի խոստացած էր այս հարցին ընթացք տալ ապրիլեան սահմանադրական հանրաքուէէն ետք, այնուհանդերձ մինչեւ այսօր այդ ուղղութեամբ որեւէ զարգացում չկայ:

Վերջին տասնամեակին Պոլսոյ հայ համայնքի օրակարգին վրայ գտնուող Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը կը շարունակուի առկախուած մնալ:

Այս տարուան Փետրուարի սկիզբը Պոլսոյ նահանգապետարանը անվաւեր համարեց 2017-ի Մարտին պատրիարքական տեղապահ Գարեգին Պեքճեանի ընտրութեան գործընթացը:

Թրքական իշխանութիւններու հիմնաւորմամբ, նոր պատրիարքի ընտրութիւնը իրաւական տեսանկիւնէ հնարաւոր չէ, քանզի պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան դեռ ողջ է, անոր առողջական խնդիրները պատրիարքական աթոռը թափուր ճանչնալու պատճառ չեն համարուիր, հետեւաբար ընտրութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան:

Այդ պատճառով, կրօնական ժողովի որոշումով Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան կը շարունակէ պատրիարքական փոխանորդ մնալ: Թէեւ հայ համայնքի մէկ մասը դժգոհ է այս իրավիճակէն եւ պարբերաբար կը բարձրաձայնէ անյապաղ նոր պատրիարք ընտրելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն փաստ է, որ առանց թրքական իշխանութիւններու թոյլտւութեան նման գործընթաց կարելի չէ իրականացնել:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ