Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ մնալ շարունակող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսըն կրնայ շուտով ազատ արձակուիլ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթի թղթակիցներէն Տույկու Կիւվենչ` վկայակոչելով կառավարութեան մէջ իր աղբիւրը:
Ըստ ստացուած տեղեկութեան, Պրանսըն կրնայ ազատ արձակուիլ այս տարուան 12 հոկտեմբերին:
Կիւվենչի համաձայն, Անգարա կ՛ուզէ թօթափել լարուածութիւնն ու նոր էջ բանալ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Աւելի՛ն` վերջերս անսպասելիօրէն երկու յոյն զինուորները ազատ արձակելու եւ անոնց Յունաստան վերադառնալ արտօնելու քայլը, ըստ անոր, ցոյց կու տայ, որ Անգարա կը ձգտի կարելի եղածին չափ արագ լուծել արտաքին քաղաքական խնդիրները` նոր փուլի անցնելու համար:
Leave a Reply