Մաքրոն անիմաստ կը գտնէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները. Անգարա կը պատասխանէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան անկարելիութեան վերաբերող յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիէթ» օրաթերթը:

Մաքրոն ըսած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հակաեւրոպական ու փանիսլամական քաղաքականութիւն որդեգրած են, եւ այս պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցիլը իմաստ չունի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ թրքական կողմը խոր ափսոսանք յայտնած է Մաքրոնի խօսքերուն առնչութեամբ ու յիշեցուցած, որ Թուրքիան Եւրոպական միութեան հետ բազմակողմանի համագործակցութեան մէջ է թէ՛ ահաբեկչութեան, թէ՛ գաղթականներու ճգնաժամի դէմ պայքարի ծիրին մէջ:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Թուրքիան ջնջած է յեղաշրջման փորձէն ետք յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը եւ բռնած նոր բարեփոխումներուն ուղին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ լուսարձակի տակ առած է Մաքրոնի` իսլամութեան եւ իսլամական ծայրայեղականութեան վերաբերեալ օգտագործած եզրերուն` շեշտելով, որ սխալ կը համարեն «չարիքը որեւէ կրօնի հետ կապելը»:

http://www.aztagdaily.com/archives/407144 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ