Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի 1597-րդ բանաձեւը, որով կ՛արգիլուի Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կապ ուեցող ընկերութիւններուն մէջ ներդրումներ ընելը, ընդունուած է Կալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտին կողմէ 36-0 ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջի միջոցով:
Յանձնախումբը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ վեհաժողովի անդամ Ատրին Նազարեանին` նախագիծը ներկայացնելու համար, ինչպէս նաեւ ծերակուտականներ Էնթընի Փորթանթինոյին եւ Սքոթ Թոմաս Ուիլքին` Ծերակոյտին մէջ բանաձեւի ընդունման աջակցելու համար:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակ հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու քայլը առաջին անգամ մշակուած է «Հայ Երիտասարդական Միութեան եւ Հայկական ուսանողական միութիւններու կողմէ, որոնք ապահոված են Քալիֆորնիոյ համալսարանի բոլոր 9 ճամբարներու միաձայն աջակցութիւնը: Հայ դատի յանձնախումբը սերտ համագործակցած է Հայկական երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ Հայկական ուսանողական միութիւններու, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր մարմինին մէջ աջակիցներու հետ, որպէսզի օրինագիծը ընդունուի», – գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Օրէնքը կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պետական կենսաթոշակային համակարգի եւ Քալիֆորնիոյ ուսուցիչներու կենսաթոշակային համակարգի յանձնաժողովներուն լրացուցիչ եւ նոր ներդրումներ չընել այն ընկերութիւններու մէջ, որոնք կը պատկանին Թուրքիոյ կառավարութեան կամ կը վերահսկուին անոր կողմէ: Կենսաթոշակային կազմակերպութիւնները պէտք է բացառեն որեւէ ներդրում Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող դաշնային օրէնքի ընդունումէն ետք:
Yerakouyn.com
Leave a Reply