Յոյներու եւ հայերու սպանդներուն նուիրուած՝ «1922» ֆիլմին ցուցադրութիւնը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական ֆիլմի ընկերակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, իր յաջորդ ձեռնարկը պիտի իրականացնէ ուրբաթ, սեպտեմբեր 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին։

Այս ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուի Նիքոս Քուտուրոսի բեմադրած «1922» ֆիլմը, որ արտադրուած է 1978ին եւ կը վերաբերի Փոքր Ասիոյ մէջ քեմալական ուժերու ձեռամբ իրագործուած յոյներու եւ հայերու տեղահանութեանց եւ սպանդներուն։

Մուտքը ազատ է Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան անդամներուն համար։ Անդամակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին:

Ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք, տեղի պիտի ունենայ քննարկում, առաջնորդութեամբ Հելենական համալսարանի փոխնախագահ Ճորճիա Սթավրոփուլոսի։

Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան նպատակն է ի մի բերել շարժապատկերի սիրահարները, ֆիլմեր դիտելու եւ անոնց մասին քննարկումներ կատարելու նպատակով: Կը ծրագրուի նաեւ աշխատանիստեր եւ դասախօսութիւններ կատարել այդ ընթացքին:

«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com ու armenkaraoghlanian@yahoo.com հասցէներուն:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ