Թուրքիա դժգոհ է Մաքրոնէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը օգոստոս 28ին պատասխանեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այն յայտարարութեան, թէ այս հանգրուանին, երբ «Թուրքիոյ նախագահը ամէն օր կը հաստատէ իր հակաեւրոպական դիրքորոշում ունեցող համաիսլամիստական օրակարգը», կարելի չէ քննել Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու հարցը։

Միաժամանակ, Մաքրոն աւելցուցած էր, թէ կարելի է Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատել, նկատի ունենալով Եւրոպայի ապահովական շահերը։

«Մաքրոնի կողմէ, օգոստոս 27ին, Փարիզի մէջ կազմակերպուած դեսպաններու հաւաքին ընթացքին Թուրքիոյ մասին հնչեցուցած արտայայտութիւնները ափսոսանքով կ՛ընդունինք», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Համի Աքսոյ՝ պնդելով, որ Թուրքիա Եւրոմիութեան պահանջած բարեփոխումներու առումով յատկանշական քայլերու դիմած է։

«Մաքրոնի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ ան շատ հեռու է Թուրքիան հասկնալէ», աւելցուց ան։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ