Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփայի «Պակսող էջերը» գիրքը կը պատմէ Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Շուտով լոյս կը տեսնէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան մասնագէտդասախօս Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփայի «The Missing Pages. The Modern Life of a Medieval Manuscript from Genocide to Justice» («Պակսող էջերը. միջնադարեան ձեռագիրի մը արդի կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն մինչեւ արդարութիւն») գիրքը, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանի կորսուած 8 էջերուն:

Զէյթունի Աւետարանը 1256ին ընդօրինակուած է Հռոմկլայի մէջ: Զայն գրած ու նկարազարդած է 13րդ դարու լուսաւորիչ եւ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին՝ Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցի կաթողիկոսին պատուէրով: Աւետարանը կը նկատուի հայկական մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն մէկը: Անիկա նկարազարդուած է խորաններով, աւետարանիչներու պատկերներով, լուսանցազարդերով եւ զարդագիրերով:

Աւետարանը դարեր շարունակ պահուած է Զէյթունի աննշան եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, մինչեւ 1915՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն: Գաղթականներուն հետ երկար ճամբայ կտրած եւ երկուքի բաժնուած է: Ապա, տարիներ ետք, մատեանը հասած է Հայաստան եւ տեղ գտած՝ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ: Այս միջոցին, սակայն, անկէ 8 էջեր կորսուած են:

Լոս Անճելըսի «Կեթի» թանգարանին մէջ յայտնուած են այդ 8 կորսուած էջերը 1994ին, երբ թանգարանը գնած է զանոնք Ցեղասպանութենէն վերապրած ամերիկահայ ժառանգորդներէ: Հայց. եկեղեցին դատի տուած էր «Կեթի» թանգարանը, պնդելով թէ ի՛նքն է օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն: Իրաւական երկար պայքարը աւարտեցաւ փոխզիջումով, եւ «Կեթի» թանգարանը ընդունեց Հայց. եկեղեցւոյ օրինական սեփականատիրութիւնը, մինչ  եկեղեցին որոշում տուաւ մշակութային այդ հարուստ պատառիկները նուիրել թանգարանին:

Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփա վերոնշեալ գիրքով ուսումնասիրած է Զէյթունի Աւետարանի ամբողջ ոդիսականը, Զէյթունի եկեղեցիէն մինչեւ Հալէպի գաղթակայանները, Էլիս կղզի, Խորհրդային Հայաստան, ապա Լոս Անճելըսի դատարանները: Ան կը նշէ, թէ մշակոյթի թանկարժէք պատառիկներուն պատմութիւնը կ՛արտացոլէ ցեղասպանութիւն ապրած, գոյապայքար մղած ու վերապրած հայ ժողովուրդի պատմութիւնը:

Գիրքին հրապարակումը նախատեսուած է Փետրուար 2019ին: Նշենք, որ Հեղնար Զէյթլեան նաեւ հեղինակն է « The Image of an Ottoman City: Architecture in Aleppo» («Օսմանական Քաղաքի Մը Պատկերը. Հալէպի Ճարատարապետութիւնը», 2004) գիրքին: Անոր գրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն «Huffington Post»ի եւ «Los Angeles Times»ի մէջ:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ