Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով երկրին մէջ շարունակուող տնտեսական ճգնաժամին, յայտարարած է, թէ արտաքին ուժերը այս ձեւով կ՛ուզեն «ծունկի բերել» թուրք ժողովուրդը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թի.24» կայքը:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ շեշտած է, որ ատիկա «պարզապէս յարձակում է թրքական դրօշին դէմ»:
«Անոնց նպատակն է ծունկի բերել Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը, պատանդ պահել զանոնք», ըսած է Էրտողան` Ատհայի տօնին առիթով արտասանած խօսքին մէջ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրին, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են թրքական «Հալքպանք» դրամատան դէմ հետաքննութիւնը դադրեցնելու առաջարկը եւ մտադիր չեն զայն դադրեցնելու:
Օրաթերթին համաձայն, Անգարա խոստացած է վերցնել ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի դէմ մեղադրանքները, եթէ Միացեալ Նահանգներ հրաժարին պատժել թրքական դրամատունը` Իրանի դէմ պատժամիջոցները ոտնահարելուն համար:
Leave a Reply