20-րդ դարու ցեղասպանութեանց նուիրուած ցուցահանդէս Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 6-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Հենրի Մետըն» գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20-րդ դարու ցեղասպանութեանց նուիրուած ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է գլխաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան, Հրէական Ողջակիզման եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան։ Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ արարողութեան մէկժամեայ պաշտօնական բաժինը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, իսկ բացման արարողութեան մասնակցութեան համար տեղեր կարելի է ապահովել մինչեւ Օգոստոս 31՝ դիմելով (559) 278-2407 թիւին կամ այցելելով www.library.fresnostate.edu կայքը։ Մուտքը ազատ է։

Պաշտօնական արարողութեան գլխաւոր բանախօսն է Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի տնօրէնի բարձրաստիճան խորհրդատու՝ դոկտ. Քլինթ Քըրլ, իսկ անոր ներկայ պիտի ըլլան հիւրընկալ գրադարանի տնօրէն Տելռիթա Հորնպաքըլ, համալսարանի Արուեստներ եւ մարդագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ դոկտ. Սօլ Հիմենեզ Սանտովալ, Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Էմանուէլ Լեպրուն-Տամյէն եւ Ֆրանսայի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարանի շրջուն ցուցահանդէսներու Հիւսիսային Ամերիկայի պատասխանատու Տեպրա Սինքլեր։

Սոյն ցուցահանդէսը, որ իրականացած էր Ֆրանսայի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարանին համար, կազմակերպուած էր համադրութեամբ Ժորժ Պենսուսանի, Ժօէլ Քոթեքի եւ Իվ Թեռնոնի։

Ցուցահանդէսը կարելի եղած էր Ֆրեզնօ «ներածել»՝ շնորհիւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի տարբեր բաժանմունքներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան ու Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսարանին ջանքերուն։

Ցուցահանդէսը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 1ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 31։ Մուտքը ազատ է։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել գրադարան՝ (559) 278-7630 եւ Հայագիտականի գրասենեակ՝ (559) 278-2669 թիւերով, կամ՝ այցելել library.fresnostate.edu կայքը։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ