ԻԶՄԻՐ, «Ռոյթըրզ».- Թուրք–ամերիկեան յարաբերութիւններուն կռուախնձոր դարձած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընի փաստաբանը կը պատրաստուի Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին դիմելու, բողոքարկելու համար հոգեւորականը տնային կալանքի տակ պահելու թրքական դատարանին որոշումը:
Իզմիրի ծանր յանցագործութիւններու 2րդ դատարանը, անցեալ շաբաթ կրկին մերժած էր Պրանսընը ազատ արձակելու եւ անոր երկրէն հեռանալու արտօնութիւն տալու մասին Պրանսընի ազգութեամբ հայ փաստաբանին՝ Ստեփան (Իսմայիլ) Ճեմ Հալաւուրթի դիմումները։
Փաստաբանը յոյս յայտնած է, որ այժմ Սահմանադրական ատեանը հայցին դրական լուծում կու տայ, այլապէս՝ փաստաբանները ստիպուած պիտի ըլլան դիմելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան:
Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր Թուրքիա հաստատուած ամերիկացի հոգեւորականը ձերբակալուած էր 21 ամիս առաջ եւ կալանաւորուած ահաբեկչութեան աջակցելու մեղադրանքով:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթըն յայտարարեց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յառաջացած թէժ կիրքերը պիտի հանդարտին միա՛յն այն ատեն, երբ Պրանսըն ազատ արձակուի: Ան աւելցուց, թէ Քաթարէն եկող գումարները բաւարար չեն փրկելու համար Թուրքիոյ տնտեսութեան նահանջը:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Քաթար որոշեց 15 միլիառ տոլարի ներդրումներ կատարել Թուրքիոյ մէջ, նեցուկ կանգնելու համար անոր տնտեսութեան։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու ամերիկեան «USA Today» թերթին մէջ գրած է, թէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու «անպատասխանատու քայլեր» որդեգրելու փոխարէն, Թրամփ պէտք է թուրք-ամերիկեան տագնապին դիւանագիտական լուծում մը գտնէ։
Վերջապէս, Եւրոմիութեան ամավարկի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Օթինկեր յայտարարեց, թէ Անգարա Եւրոմիութեան ամավարկէն աջակցութիւն պէտք չէ ակնկալէ՝ իր տնտեսական տագնապը լուծելու համար, միաժամանակ առաջարկելով Անգարային, որ այդ նպատակով դիմէ Միջազգային դրամական հիմնադրամին։
Աւելի կանուխ, Գերմանիոյ կառավարութիւնը եւս յայտարարած էր, թէ երկիրը չի պատրաստուիր մօտիկ ապագային նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու Թուրքիոյ՝ պատասխանելով Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մեհմետ Շիմշեքի այն խօսքերուն, թէ անկումի մէջ գտնուող Թուրքիոյ տնտեսութիւնը ոտքի հանելու համար՝ իրենք կարիքը ունին Գերմանիոյ օգնութեան:
Asbarez.com
Leave a Reply