«Ֆաքս» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարներէն Լիսա Քենետի–Մանթկամըրի կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութեանց վատթարացման ու ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը բանտարկուած պահելու Անգարայի որոշումին, Քենետի շատ ծանր լեզուով քննադատեց Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ ըսելով, որ Թուրքիա իրականութեան մէջ հզօր դաշնակից մը չէ Ամերիկային՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ որդեգրուածը երկիրը դէպի անդունդ առաջնորդող քաղաքականութիւն մըն է։
Քենետի աւելցուց նաեւ, թէ Թուրքիա պէտք է վտարուի ՆԱԹՕ-էն՝ շեշտելով, որ Թրամփ պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ պարզապէս «հարց մը կամ պատահած ցաւալի դէպք մը չէ՛, այլ անխիղճ սպանդ մըն է 1.5 միլիոն քաղաքացիներու, որոնք պէտք չէ մոռցուին նափոլիոնական հակումներ ունեցող ապուշի մը (ակնարկութիւնը Էրտողանին է) պատճառով»,- բացատրեց ան։
Yerakouyn.com
Leave a Reply