Դոկտ. Ումիթ Քիւրթ կը նշանակուի Ֆրեզնոյի Հայագիտականին «Գազան» հիմնարկի այցելու դասախօս

ՖՐԵԶՆՕ.- Շնորհիւ Հենրի ԳազանճեանԳազան հիմնարկին հաստատած հիմնադրամին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը հիւր դասախօսներ կը հրաւիրէ, իւրայատուկ դասախօսութիւններու հետեւելու առիթը ընծայելով համալսարանի ուսանողներուն։

Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի համակարգող՝ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը հաղորդէ, թէ 2018-2019 համալսարանական տարեշրջանի աշնանային կիսամեակին, Հենրի Ք. Գազանճեան Գազանի այցելու դասախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Ումիթ Քիւրթ, որ ուսումնասիրած է Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հայերէն բռնագրաւուած կալուածներու ծալքերը եւ մասնագիտացած է յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան, զանգուածային բռնարարքներու, հարստութեանց փոխանցումներու, տեղական վերնախաւերու, թուրք ազգայնականութեան եւ Այնթապի հայութեան պատմութեան մարզերուն մէջ։

Դոկտ. Քիւրթ, որ կը հանդիսանայ 15րդ Հենրի Ք. Գազանճեան Գազանի այցելու դասախօսը, երեք վարկանիշ արժող դասանիւթ մը պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, զայն բաղդատելով Հրէական Ողջակիզումին եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան հետ, միաժամանակ արծարծելով ցեղասպանութեան կանխարգիլման կարելիութիւնները։

Ան Ֆրեզնօ իր կեցութեան ընթացքին նաեւ պիտի ներկայացնէ երեք հրապարակային դասախօսութիւններ, որոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 21ին, Ճեմալ փաշայի մասին:

Դոկտ. Քիւրթ 2016ին դոկտորի կոչում ստացած է «Քլարք» համալսարանէն եւ հեղինակն ու համահեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու եւ հատորներու, ինչպէս նաեւ խմբագրած է մասնագիտական թերթեր։

Հայագիտականին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ