ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական լարուածութեան եւ առեւտրական «պատերազմ»ի պատճառ դարձած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընի փաստաբանը ազգութեամբ հայ Ստեփան (Իսմայիլ) Ճեմ Հալաւուրթն է: Ան Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած փաստաբան է եւ յատկապէս յայտնի է հայերու վերաբերող դատական գործերուն մէջ իր ներգրաւուածութեամբ: Ան շրջան մը եղած է Տերսիմի հայերու միութեան նախագահը եւ անոր գլխաւորած տերսիմահայերու խումբը մասնակցած էր 2015ին տեղի ունեցած Համահայկական 6րդ խաղերուն:
Հալաւուրթ միայն 17 տարեկանին իմացած է, թէ ինք հայ է: Այնուհետեւ, Տերսիմի հայերու միութիւնը հիմնելէ ետք՝ 2013ին Հայաստանի մէջ մկրտուած է հայկական եկեղեցւոյ մէջ՝ որդեգրելով Ստեփան անունը: Աւելի ուշ, մօտաւորապէս 40 տերսիմահայեր, ներառեալ՝ Հալաւուրթի ընտանիքի անդամները, Հայաստանի մէջ մկրտուած են:
Հալաւուրթ Թուրքիոյ մէջ մասնակցած է քանի մը աղմկայարոյց դատական գործերու եւ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ բանակին մէջ 2011ի Ապրիլ 24ին սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի ընտանիքի եւ 2007ի Յունուար 19ին սպաննուած «Ակօս»ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն մէկը: Ան յաճախ աչքի կը զարնէ իր ընդդիմադիր հայեացքներով եւ բացայայտ հայամէտ ըլլալով:
Asbarez.com
Leave a Reply