Քաթարի իշխանը Թուրքիոյ մէջ հսկայական ներդրումներու մասին յայտարարեց

Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ իր երկիրը Թուրքիոյ մէջ ուղղակի կերպով 15 միլիառ տոլարի ներդրումներ պիտի կատարէ:

Քաթարի իշխանը այս մասին յայտարարեց Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ երեքուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք:

Թուրքիոյ մէջ Քաթարի դեսպան Սալեմ պըն Մուպարաք Ալ Շաֆի յայտնեց, որ Թուրքիան «ռազմավարական դաշնակից» է, «եւ պիտի չտատամսինք անոր պէտք եղած աջակցութիւնը տրամադրելէ»:

Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին յայտնեց, որ Քաթար «Թուրքիոյ մէջ 15 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ, որովհետեւ թրքական տնտեսութիւնը ամուր հիմերու վրայ է»:

http://www.aztagdaily.com/archives/405498 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ