Թուրք–ամերիկեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն լարուած մնալ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընի պատճառով։ Վերջինս կը մեղադրուի լրտեսութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կառոյցներու հետ կապ ունենալու մէջ։
Թեմային շուրջ, ըստ Ermenihaber.am-ի, նոր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Մայք Փենս՝ արձանագրութիւն կատարելով Twitter-ի իր էջին.
«Թուրքիան պէտք չէ խաղայ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վճռականութեան հետ։ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած հոգեւորական Պրանսընը հրաշալի մարդ է եւ ան պէտք է օրինաբար ազատ արձակուի։ Թրամփը վճռական տրամադրուած է ուրիշ երկիրներու մէջ անօրէն կալանաւորուած ամերիկացիներու տունդարձին հարցով։ Նախագահը եւ ես պիտի շարունակենք վճռական ըլլալ Պրանսընի ազատ արձակման հարցով։ Իւրաքանչիւր ամերիկացի մեծ հաւատքով պէտք է աղօթէ, որպէսզի Պրանսըն եւ անոր կինը տուն վերադառնան»,- գրած է ԱՄՆ փոխնախագահը։
Yerakouyn.com
Leave a Reply