Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած երկու յոյն զինուորները ազատ արձակուեցան

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Էտիրնէ քաղաքին մէջ 15 օգոստոսին ազատ արձակուեցան երկու յոյն զինուորները, որոնք 1 Մարտին սխալմամբ խախտած էին թուրքյունական սահմանը եւ ձերբակալուած:

Զինուորականներուն փաստաբանները դատարանին ներկայացուցած էին շարք մը ապացոյցներ, հաստատելու համար, որ զինուորականները պատահմամբ անցած են սահմանը:

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըր ողջունեցին թրքական դատարանին որոշումը:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ