ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Էտիրնէ քաղաքին մէջ 15 օգոստոսին ազատ արձակուեցան երկու յոյն զինուորները, որոնք 1 Մարտին սխալմամբ խախտած էին թուրք–յունական սահմանը եւ ձերբակալուած:
Զինուորականներուն փաստաբանները դատարանին ներկայացուցած էին շարք մը ապացոյցներ, հաստատելու համար, որ զինուորականները պատահմամբ անցած են սահմանը:
Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըր ողջունեցին թրքական դատարանին որոշումը:
Asbarez.com
Leave a Reply