Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մԷջ» գիրքի շնորհանդէսը Դամասկոսի մԷջ

Դամասկոսի «Ասատ գրադարան»-ի տարեկան միջազգային ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր դոկտոր Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ». /XIXդարու վերջը եւ XX դարու սկիզբը» գիրքի շնորհանդէսը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, «Աշշարք» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած գիրքի շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան պատգամաւորներ, քաղաքական գործիչներ, Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, արաբ մտաւորականներ, Արաբ գրողներու միութեան անդամներ, դամասկահայեր եւ հայկական հարցով հետաքրքրուողներ:

Գիրքի շնորհանդէսը լուսաբանուեցաւ մամուլի զանազան ներկայացուցիչներու կողմէ:

Աւելցնենք, որ «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ. /XIXդարու վերջը եւ XX դարու սկիզբը» գիրքին մէջ Նորա Արիսեան հանգամանօրէն անդրադարձած է Տէր Զօրի մէջ հայերու ներկայութեան, համայնքի կազմութեան, եկեղեցական եւ ընկերային կեանքի հոլովոյթին եւ այլն` յենուելով սուրիական ուսումնասիրական նիւթերուն վրայ:

http://hayernaysor.am/cl/archives/290552 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ