«Չարշըլը Արթին աղա»ն ներկայացուեցաւ Քնալըի մէջ

ՊՈԼԻՍ.- «Չարշըլը Արթին աղա»ի հայերէնով ներկայացումը, որ գարնան եղանակին բեմ բարձրացած էր «Արփի» թատերախումբին կողմէ եւ մեծ ընդունելութիւն գտած՝ մշակութասէրներու շրջանակէն ներս, չորեքշաբթի, 9 օգոստոսի երեկոյեան բեմադրուեցաւ Քնալըի մէջ։

«Արփի» թատերախումբի անդամները իրենց այս անգամուան ներկայացումը որոշած էին սարքել «Կազդուրման կայան»ի ի նպաստ եւ տոմսակներէն գոյացած ամբողջ հասոյթը յատկացնել կայանի տղոց կարիքներուն։

Թատերախաղը բեմադրուեցաւ «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ եւ հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ ներկայացման։

«Դերասանները դարձեալ իրենց յաջող խաղարկութեամբ գրաւեցին հանդիսականներու սիրտերը եւ գնահատուեցան երկար ծափահարութիւններով։ Վերջաւորութեան «Արփի» թատերախումբի անդամներէն Սարօ Սիրականեան բեմ ելաւ ու իր ընկերներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսականներուն, նաեւ իրենց խաղընկերներէն՝ Սարօ Պէնկլեանին, որ տակաւին երկու օր առաջ հողին յանձնած էր իր մեծմայրը, բայց այսօր իրենց հետ էր եւ դարձեալ անթերի կերպով մարմնաւորեց իր դերը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կայանի տնօրէնուհի տիկին Լիզա Չոլաքօղլուի ու բոլոր պատասխանատուներուն», կը գրէ «Մարամարա»ն։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ