Ամսթերտամի մէջ յարձակում` Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դէմ

Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ անծանօթ անձ մը յարձակում գործած է Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան շէնքին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Անծանօթ տղամարդը գիշերուան ժամերուն Մոլոթովի քոքթէյլ մը նետած է շէնքին ուղղութեամբ, որուն պատճառով տարածքին մէջ ծագած է ոչ շատ մեծ հրդեհ մը, որ կարելի եղած է արագօրէն մարել:

Դէպքին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Իրաւապահները արդէն ձերբակալած են կասկածելի մը: Հոլանտական ոստիկանութենէն յայտնած են, որ կասկածելին վնասազերծուած է:

http://www.aztagdaily.com/archives/405011 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ