Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց երկրի վարչապետին՝ փոխելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ կառավարութեան դիրքորոշումը

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկրի վարչապետ Ճասինտա Արտերնին կոչ ուղղեց՝ փոխելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ կառավարութեան դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ խուսափելու նախապէս արտայայտած այն կարծիքէն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է լուծուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ յանձնախումբի կայքը:

«Նոր Զելանտայի հայերը մտահոգ են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով կառավարութեան դիրքորոշումէն: Վարչապետին դիրքորոշումը այն է, որ Նոր Զելանտան պէտք չէ 1915ի դէպքերը կոչէ «ցեղասպանութիւն», եւ պէտք է այդ հարցը ձգէ երկու կողմերու քննարկման: Այդ դիրքորոշումը միայն կը նպաստէ թրքական բռնապետութեան քաղաքականութեան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ Նոր Զելանտայի հայերը պիտի շարունակեն զբաղիլ երկրի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման լոպիինկով եւ ջանքեր գործադրել՝ 1915ի դէպքերուն մասին հասարակութեան եւ երկրի կառավարութեան իրազեկութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ:

Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտերն նախապէս Ուելինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, թէ իր երկիրը միշտ ճանչցած է 1915 թուականի ողբերգական դէպքերը, սակայն անհրաժեշտ է խուսափիլ այդ իրադարձութիւններուն մասին յստակ եզր (ցեղասպանութիւն, «Ա.») օգտագործելէ եւ այդ հարցը ձգել հակամարտութեան անմիջական կողմերու քննարկման:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Նոր Զելանտայի «Կանաչներու» կուսակցութիւնը երկրի խորհրդարանին կոչ ուղղած է՝ սկսելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ