ՄԱԿ-ը Թուրքիոյ կոչ ըրած է Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հետ սահմանները բաց պահելու

Սուրիոյ մէջ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղող Եան Էկլանտ Թուրքիոյ կոչ ըրած է բաց պահելու հարաւային սահմանները Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի խաղաղ բնաչութեան համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Նման յայտարարութեան առիթ հանդիսացած են անվտանգութեան գօտի յայտարարուած Իտլիպի մէջ վերսկսած բախումները։ Անոնք վերսկսած են, երբ Սուրիոյ կառավարական ուժերը մտադրուած են ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու Իտլիպի մէջ, քանի որ տեղի ահաբեկչական կառոյցները վերջին շրջանին կրկին աշխուժութիւն կը դրսեւորեն:

Նշենք, որ անվտանգութեան գօտի յայտարարուած Իտլիպի երաշխաւոր երկիրներն են Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան։

«Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը կը շարունակեն իրենց դիւանագիտական աշխատանքները անվտանգութեան գօտի յայտարարուած տարածքներուն մէջ լարուածութեան նուազեցման համար, սակայն այդ տարածքներուն մէջ, ամէն օր, բախումներ կ՝ըլլան»,- ըսած է Էկլանտ, աւելցնելով, որ եթէ բախումները աւելի թէժանան՝ ՄԱԿ-ը Թուրքիայէն կրնայ պահանջել սահմանները բաց պահել Իտլիպի խաղաղ բնակչութեան համար։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ