Հայ-թրքական սահմանը հատելու ընթացքին Պանկլատէշի քաղաքացի մը ձերբակալուած է

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Սահմանապահ վարչութեան Արտաշատի սահմանապահ ուժերը ձերբակալեցին հայթրքական սահմանը անօրինական կերպով հատած տղամարդ մը:

Ըստ Ռուսիոյ Սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նախնական ստուգման իբրեւ արդիւնք՝ պարզուած է, որ սահմանախախտը Պանկլատէշի Ազգային Հանրապետութեան քաղաքացի է:

Ձերբակալեալը սահմանուած կարգով. փոխանցուեցաւ Հայաստանի իրաւապահ ուժերուն: Ներկայիս կ՛իրականացուին անհրաժեշտ քայլեր՝ դէպքի բոլոր մանրամասնութիւնները յայտնաբերելու համար:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ