ՈՒԵԼԼԻՆԿԹԸՆ.- Նոր Զելանտայի Կանաչներու կուսակցութիւնը երկրի խորհրդարանին կոչ ըրաւ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ tvnz.co.nz նորզելանտական կայքը:
Կայքը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիա կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը պնդէ, որ հայերը զոհ գացած են պատերազմին, եւ կը շարունակէ շարունակ հաւատացնել, որ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու փորձ չէ եղած:
«Մենք բազմաթիւ անգամներ տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս պատմութիւնը կը կրկնուի, եւ անիկա անգամ մը եւս կրնայ տեղի ունենալ, եթէ մենք չճանչնանք մեր անցեալը», այս առթիւ յայտարարեց Նոր Զելանտայի նորակազմ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Հուրի Ելտիզեան:
Կանաչներու կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Կարեթ Հիւկզ կը նախատեսէ խորհրդարանի քննարկման ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագիծ մը:
«Ես կոչ կ՛ընեմ խորհրդարանին՝ աջակցելու ինծի», ըսաւ Հիւկզ:
Նշենք, որ Նոր Զելանտայի մէջ վերջերս աշխատանքի լծուած է Հայ Դատի նորակազմ յանձնախումբը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնել: Նորակազմ յանձնախումբի ղեկավարն է Հուրի Եըլտիզեան:
«Մեր առաջնահերթ նպատակներն են Նոր Զելանտայի եւ Հայաստանի միջեւ աւելի սերտ մշակութային եւ առեւտրական կապերու հաստատումը, Նոր Զելանտայի հայ համայնքի շահերու պաշտպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչումը Նոր Զելանտայի կառավարութեան կողմէ», յայտնեց Եըլտիզեան:
Asbarez.com
Leave a Reply