Հաւատքի ազատութիւն. իրա՞ւ, վստա՞հ էք

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խմբագրատունը այն բացառիկ վայրերէն է, ուր ամենաանսպասելի պահուն յանկարծ տեղեակ կը դառնաս զարգացումէ մը, որուն մասին նախապէս ոչ մէկ ակնկալութիւն գոյութիւն ունէր: Ահա այդ տեսակի անակնկալ մը եղաւ երեքշաբթի օր, թերթի համացանցի էջին հասնող ենամակ մը: Հաղորդագրութիւն մըն էր այդ, զոր ստորագրած էին՝ սկսելով Յունաց Տիեզերական պատրիարքէն, երկրի բոլոր ոչիսլամ համայնքներու ներկայացուցիչները: Հաղորդագրութիւնը խոստովանանք մըն էր Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ կամ հրեայ հաւատացեալներու կրօնքի ազատութեան համար: Իսկոյն սկսանք մտմտալու, թէ ո՛ր զարգացումներու հետեւանքով նման յայտարարութեան մը կարիքը զգացուած էր:

Թուրքիոյ քաղաքացի բոլոր քրիստոնեաները կամ աւելի լայն բացատրութեամբ՝ բնակչութեան մեծամասնութենէն տարբեր հաւատքի մը հետեւողները, շատ լաւ գիտեն երկրին մէջ տիրող անհանդուրժողութեան մասին: Կասկած չկայ, որ հասարակ մարդկանց գիտցածէն շատ աւելին գիտեն նաեւ այդ համայնքներու ներկայացուցիչի դիրքի մէջ գտնուող հոգեւոր առաջնորդները:

Անոնք կը խօսէին կրօնքի ազատութեան մասին: Այս նիւթով երաշխիք մը ներկայացնելու կարիքը անգամ ապացոյց մըն է խնդիրներու առկայութեան: Արդարեւ, քիչ մը զգոյշ դիտարկումով ամէն ինչ պարզ կը դառնայ: Օրինակի համար, մեզի եկած հաղորդագրութեան մէջ, Յունաց Բարթողիմէոս սրբազանի անուան տակ նշուած էր «Տիեզերական պատրիարք» տիտղոսը: Եւ այդ տիտղոսը շրջանցուած էր նոյն յայտարարութեան արձագանգող պետական լրատուամիջոցին՝ «Անատոլու Աժանս» գործակալութեան հրապարակումին մէջ:

Իրա՛ւ, Յունաց Տիեզերական պատրիարքը ազատութեան ո՞ր յատկութեամբ կը բացատրէ Հէյպելի կղզիի Յունաց դպրեվանքի արգելափակուած ըլլալու փաստը: Կամ՝ Հայոց պատրիարքական փոխանորդը կրօնական ազատութեան ո՞ր դրսեւորումով կը մեկնաբանէ պատրիարքի ընտրութեան դէմ յարուցուած պետական արգելքը: Նոյնպէս կ՛արժէ հարցնել ասորիներու առաջնորդին, թէ այդ ի՞նչ տեսակ ազատութիւն է, երբ գրաւուած են եկեղեցապատկան բազմաթիւ կալուածներ ու անոնցմէ մէկ մասին վերադարձը կը ներկայացուի իբրեւ շնորհք:

Խմբագրատան մէջ խորհրդածութիւններով համոզուեցանք, թէ նման յայտարարութեան մը կարիքը գոյացած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի՝ պատուելի Էնտրու Պրոնսընի բանտարկութեան առթիւ ունեցած ելոյթով:

Իրողութիւնը շա՛տ պարզ ու յստակ է: Թուրքիա, թէ՛ պետական միտքով եւ թէ հասարակութեան մտայնութեամբ, անհանդուրժողական է իսլամ կրօնքի սիւննի դաւանանքէն դուրս մնացած բոլոր հաւատքներուն նկատմամբ: Շատ երկար տարիներ ու մինչեւ օրս, երկրի մեծագոյն վտանգներուն առաջին եռեակին մէջ յիշուած է քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը: Կարելի է ըսել, թէ պետութիւնը շատ մեծ կասկած սնուցած է իր ժողովուրդի հաւատքի թուլութեան իբրեւ հետեւանք: Կարծած է, թէ քանի մը քարոզիչներու բարեխօսութեամբ, երկրի հասարակութիւնը դիւրաւ կը հրաժարի իր իսլամ հաւատքէն ու կը հետեւի քրիստոնէութեան: Անշո՛ւշտ որ պետութեան գործիչները այդքան ալ յիմար չեն եղած: Անոնք դիտումնաւոր կերպով հրահրած են նման վտանգ՝ հասարակութիւնը լարուած պահելու միտումով: Այդ ռազմավարութիւնը բնականաբար ունեցած է իր հետեւանքները, որոնց բերմամբ՝ եկեղեցիներ կը խրտչին զանգակներու ղօղանջէն, գերեզմանատուները կը շրջապատուին աւելի քան չորս մեթր բարձրութեամբ պարիսպներով եւ քրիստոնեաներ եկեղեցի կը մտնեն՝ ստուգիչ սարքերով օժտուած դռներէ անցնելով:

Երանի՜ թէ հաւատքի ազատութեան մասին հարցնէին նաեւ ալաուիներուն, քրիստոնեայ թուրքերուն կամ եզիտիներուն: Հաւանաբար, անոնք եւս Թուրքիոյ մէջ տիրող հաւատքի ազատութեան մասին պատմելիքներ ունենային…

pakrates@yahoo.com

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ