Հայ-թրքական սահմանին վրայ Թուրքիոյ քաղաքացի մը ձերբակալուած է

Հայաստանի մէջ, Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցներուն կողմէ, ձերբակալուած է հայթրքական սահմանը խախտած Թուրքիոյ քաղաքացի մը:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ ռուս սահմանապահները Թուրքիոյ քաղաքացին ձերբակալած են Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսամասին վրայ՝ ճարտարագիտական միջոցները յաղթահարելու փորձին ժամանակ:

Իրականացուող ստուգիչ քայլերուն ընթացքին՝ սահմանախախտին մօտ յայտնաբերուած է բջիջային հեռախօս, որուն մէջ առկայ եղած են պետական սահմանի ճարտարագիտական կառոյցներու եւ պատնէշներու լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր:

Օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով՝ սահմանախախտը փոխանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն: Ներկայիս կ՝իրականացուին անհրաժեշտ աշխատանքներ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ