Հայ Դատը կ՛ողջունէ Թուրքիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.», «Անատոլու».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Օգոստոս 1ին, Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Ապտուլհամիտ Կիւլի եւ Սիւլէյման Սոյլուի դէմ պատժամիջոցներ սահմանած էին՝ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը «անարդարօրէն կալանաւորուած» պահելու որոշումին պատճառով։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունած է այս քայլը, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ Սպիտակ տունը կը շարունակէ տեղի տալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու կապակցութեամբ Անգարայի բանեցուցած ճնշումներուն դիմաց։

Իր կարգին, Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ նախապէս քանի մը առիթներով քննադատած էր Պրանսընը պատանդ պահելու Անգարայի քաղաքականութիւնը, այս իրադարձութիւններէն ետք գրած է. «Քանի դեռ դուք կը շարունակէք պատանդ պահել քաղաքականութիւնը, քաղաքական թէ տնտեսական տեսանկիւնէ ո՛չ մէկ բանով կը տարբերիք Սուտանէն»՝ խօսքը հասցէագրելով Անգարայի իշխանութիւններուն։

Նշենք, որ պատժամիջոցներուն համաձայն, Ամերիկայի դրամատուներու կամ Ամերիկայի ենթակայութեան տակ գտնուող դրամատուներու մէջ պիտի սառեցուին երկու նախարարներուն դրամական հաշիւները, պիտի սառեցուին նաեւ այդ դրամական հաշիւներէն ձեռք բերուելիք տոկոսները եւ պիտի արգիլուի, որ ամերիկահպատակ անձեր առեւ-տրական գործառնութիւններ ունենան այդ երկու նախարարներուն հետ։

Այս զարգացումներէն ետք, Ամերիկայի փոխնախագահ Մայք Փենս գրառում մը կատարեց ու կոչ ուղղեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները անյապա՛ղ ազատ արձակեն Պրանսընը։ Ըստ Փենսի՝ խօսքով՝ ամերիկեան վարչակազմը կրնայ նաեւ տնտեսական յաւելեալ պատժամիջոցներու դիմել Թուրքիոյ դէմ, մինչեւ որ Անգարա ազատ արձակէ այդ անմեղ հոգեւորականը։

Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Օգոստոս 2ին յայտարարեց, թէ այս պատժամիջոցներուն դիմաց անյապա՛ղ քայլեր պիտի առնուին թրքական կողմէն։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Խստօրէն կը դատապարտենք Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանին կողմէ յայտարարուած եւ մեր երկրին առնչուող պատժամիջոցներուն որոշումը: Խնդրոյ առարկայ որոշումը, որ թիրախ դարձուցած է մեր երկու նախարարները, ո՛չ պետութեան լրջութեան հետ կարելի է նոյնացնել, ո՛չ ալ օրէնքի եւ արդարութեան տեսանկիւնէն կարելի է հիմնաւորել: Կասկած չկայ, որ այս որոշումը, որ անարգալից միջամտութիւն է մեր իրաւական համակարգի գործերուն, դէմ է Ամերիկայի հետ մեր յարաբերութիւններու էութեան եւ մեծ վնաս պիտի հասցնէ երկու երկիրներուն միջեւ հարցերը լուծելու ուղղութեամբ գործադրուող կառուցողական ջանքերուն: Մենք կոչ կ՛ընենք Ուաշինկթընին, որ ետ քաշէ այս սխալ որոշումը: Անյապա՛ղ համարժէք պատասխան պիտի տրուի ոչ մէկ նպատակի ծառայող այս յարձակողապաշտ դիրքորոշումին»:

Նշենք, որ Պրանսըն կը մեղադրուի ահաբեկչական կառոյցներու հետ կապեր ունենալու յանցանքով եւ մօտաւորապէս 1.5 տարի բանտարկուած մնալէ ետք՝ ներկայիս տնային կալանքի տակ կը պահուի Թուրքիոյ մէջ:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ