Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքը մինչեւ հոկտեմբեր թրքական դատարան պիտի ներկայացուի

ՊԻՔՖԱՅԱ.- 31 Յուլիսին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի իրաւական յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը:

Յիշեալ դատին թղթածրարը գրեթէ իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մանր յստակացումներէ ու յաւելումներէ ետք, առաւելագոյնը հոկտեմբերին պիտի ներկայացուի թրքական դատարան:

Յիշեցնենք, որ նոյն դատին թղթածրարը շուրջ երեք տարիներ առաջ ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, որ մերժած էր անոր քննութիւնը՝ ընդառաջելով արդարութեան նախարարութեան թելադրանքին: Ապա, նոյն թղթածրարը, շուրջ տարի մը ետք ներկայացուած էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան: Այս վերջինը եւս մերժած էր ընդունիլ դատը ու թելադրած՝ դիմել թրքական դատարան:

Իրաւական յանձնախումբին հայեցողութեամբ դատին քննութիւնը մերժող յիշեալ մօտեցումները ըստ էութեան առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունին: Ամէն պարագայի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշած է շարունակել իրաւական այս գործընթացքը մինչեւ արդարութեան յաղթանակը եւ Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ