Իբրեւ թէ «ազատ» կ՛ապրինք, բայց նոյնիսկ պատրիարք չենք կրնար ընտրել. Փայլան

Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կրօնական եւ համայնքային առաջնորդները 31 յուլիսին, միասնաբար յայտարարագիր մը ստորագրեցին՝ «հերքելու համար այն պնդումները, թէ Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վրայ ճնշումներ կը բանեցուին»։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը՝ վկայակոչելով «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Յայտարարագիրին մէջ կը պնդ-ուի, թէ կրօնական փոքրամասնութիւնները ազատօրէն կը շարունակեն իրենց կրօնական պաշտամունքը, եւ որեւէ ճնշում չկայ իրենց վրայ»՝ աւելցնելով, որ նման պնդումները՝ «անհիմն են եւ նպատակաւոր»։

Առաջնորդները կ՛ընդունին, թէ կարգ մը նեղութիւններ եւ վնասներ եղած են անցեալին, սակայն «այսօր պետական իշխանութիւններուն հետ  փոխադարձ բարի կամեցողութեամբ ու լուծում գտնելու վճռականութեամբ կը խորհրդակցինք լուծման կամ բարելաւման կարօտ հարցերու մասին»։

1 Օգոստոսին, յայտարարութեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան՝ գրելով. «Չեն ձգեր, որ մեր պատրիարքը ընտրենք. չեն արտօներ, որ հոգեւոր դպրոցը բանանք, իրաւունք չեն տար, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամներու ղեկավարներու ընտրութիւններ կատարենք։ Պատրիարք չենք կրնար ընտրել, իսկ մնացած փոքր համայնքն ալ աղաւնիի պէս վախկոտ է, բայց՝ «ազատ կ՛ապրինք»: Այս յայտարարութիւնը ինքնին ապացոյց է, որ ազատ չենք»:

Նշենք, որ յայտարարագիրին տակ ստորագրած են՝ յոյներու Պարթոլոմէոս պատրիարքը, Հայոց պատրիարքարքի փոխանորդ Արամ սրբազանը, հրեաներու խախամապետ Հալեւա, Սուրիանի եկեղեցւոյ պատրիարքի փոխանորդ Չեթին, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Զէքիեան սրբազանը, Կէտիկփաշայի բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ Աղապալօղլու, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ այլ ներկայացուցիչներ ու հոգեւորականներ։

 Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ