Ցեղասպանութենէն վերապրածներու իրերը՝ Իլինոյի Ողջակիզման թանգարանին մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Իլինոյ նահանգի Ողջակիզման թանգարանին եւ կրթական կեդրոնին մէջ (The Illinois Holocaust Museum and Education Center) 19 Յուլիսին բացումը կատարուեցաւ «Փրկուածներու պատմութիւններ» խորագիրով ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու անձնական իրերը:

Թանգարանի կայքին վրայ կը նշուի, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են առաւել քան 60 անձնական իրեր, որոնք ցեղասպանութիւններէ փրկուածներ իրենց հետ բերած են Միացեալ Նահանգներ: Իւրաքանչիւր իր ներկայացուած է յայտնի վաւերագիր Ճիմ Լոմմասոնի լուսանկարով եւ մակագրուած՝ վերապրողին կամ անոր ընտանիքի անդամներուն ձեռագիրով:

Ներկայացուած իրերուն մէջ կան՝ պուպրիկ, ճամպրուկ, երիտասարդ մօր մը խոհարարական գիրքը, հարսանեկան հրաւիրատոմս, եւ այլն։ Անոնք «փրկուած» են վերապարածներու հետ, աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններէ, ներառեալ՝ Հայոց, Հրէական, Պոսնիոյ, Քամպոտիոյ, Իրաքի, Ռուանտայի, Հարաւային Սուտանի եւ այլն:

Ցուցահանդէսը, որուն կ՛աջակցի նաեւ Իլինոյի Հայ Դատի յանձնախումբը, պիտի շարունակուի մինչեւ 13 Յունուար 2019:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ