ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Անպայման պատահած ըլլալու է նաեւ ձեզի հետ: Աշխատանք մը ունիք կատարելիք, սակայն կը ծուլանաք այդ աշխատանքը կատարել:
Կը յետաձգէք գործը` սպասելով աւելի յարմար առիթի, մինչ այդ առիթը ամէն օր կայ… Եւ այսպէս կ՛անցնի ժամանակը` առանց զգալու:
Սրտնեղութիւն մը ունիք, կը մտածէք, թէ ինչո՛ւ է այս սրտնեղութիւնը. ներքնապէս, սակայն, գիտէք, որ այս նեղութեան պատճառը աշխատանք մը միշտ յետաձգելու պատճառով է:
Պարտք մը ունիք, որ չէք կատարած եւ այդ մէկը ամիսներով ձեր ուսին վրայ որպէս բեռ շալկած էք, մինչեւ որ օր մը զգալով որ այլեւս անկարելի է այդ բեռը ուսիդ` շարունակել առօրեան, կ՛որոշէք զայն իջեցնել ձեր ուսէն ամիսներէ ի վեր յետաձգուած աշխատանքը կատարելով:
Ճիշդ այդ վիճակը կ՛ապրիմ ամիսներէ ի վեր. պատմեմ:
Առաջին անգամ կնոջս պոլսահայ բարեկամուհին մեզի ղրկեց պոլսահայ (ատենին մեզ անծանօթ) երգչուհիին մէկ կատարումը համացանցի միջոցով:
«Նամակ» էր այդ երգին անունը: Բացառիկ կատարում էր:
Երգ մը` Յովհաննէս Շիրազի բառերով եւ չքնաղ ձայնով մը , որ երկնային հրեշտակի տպաւորութիւն կը ձգէր…
Այդ երգը դարձաւ մեր առօրեան ջերմացնող եւ սովորական տաղտուկներէ մեզ հեռացնող գործիք՛ քանի մը ամիսներու տեւողութեամբ: Պարզապէս հրաշալի էր երաժշտութիւնը, եւ գերազանց էր կատարումը:
Սովորականէն տարբեր, հոգի լեցնող քնարական շունչ մը զգալի էր այդ երգին մէջ. բան մը, որ շատ հազուագիւտ էր սփիւռքահայ երգիչներու կատարումներուն մէջ վերջին տասնամեակներուն:
Համացանցի միջոցով կրցանք նաեւ քանի մը այլ կատարումներ ունկնդրել պոլսահայ երգչուհի Սիպիլէն` միշտ աւելի լաւ տպաւորուելով:
Նաեւ հպարտութիւն էր մեզի համար իմանալ, որ վերջին տարիներուն Պոլսոյ հանրային վայրերուն մէջ Սիպիլի կատարումները կը սփռուէին. հայ երգչուհին գրաւած էր Պոլիսը, հակառակ անոր որ չունէր երաժշտական բարձր կրթութիւն: Իր գրաւիչ ձայնով եւ արդիական երգերով Սիպիլը յաջողած էր գերել հայ եւ ոչ հայ ունկնդիրները՛ դառնալով վերջին տարիներուն ամէնէն շատ ունկնդրուած երգչուհիներէն մէկը Թուրքիոյ տարածքին:
Ուրախութիւն էր նաեւ ներկայ գտնուիլ երգչուհիին անդրանիկ ելոյթին Պէյրութի մէջ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Դժբախտաբար «Էմիլ Լահուտ» սրահին ձայնային անյարմարութիւնը եւ սարքաւորումներուն խանգարումները չտպաւորեցին ներկաները, որոնք վայելք չապրեցան Սիպիլի կատարումներով: Դրականը այն եղաւ, որ սրահի մուտքին վաճառուած խտասալիկները փրկեցին իրավիճակը` բոլոր անոնց համար, որոնք կրցան օրինակ մը ձեռք ձգել Սիպիլի խտասալիկէն:
Հիմա արդէն Պէյրութէն Այնճար վերադարձի ճամբուն վրայ առիթ ունինք ունկնդրելու Սիպիլի կատարումները:
Հրաշալի է, քնարական, բանաստեղծական շունչով եւ հարուստ դաշնաւորումով, որ բացառիկ է: Թէ՛ արդիական է, թէ՛ հայաշունչ, թէ՛ քնարական է, թէ՛ նաեւ երազային: Կարծես հրեշտակ մը կ՛երգէ: Ո՞վ է այս պոլսահայ երաժիշտը, որ այսքան հարուստ, այսքան տպաւորիչ եւ գեղեցիկ երաժշտութիւն կը ստեղծագործէ (մինչ մենք կը խորհինք, թէ պոլսահայ երաժիշտէ մը ստեղծուած երաժշտութիւնը թրքաբարոյ կրնայ ըլլալ):
Անծանօթ անուն մը` Մաճակ Թոշիկեան: Երաժիշտ մը, որ հաւատարիմ հայ երաժշտութեան ոգիին` կը ստեղծէ նոր ոճ, նոր մօտեցում եւ նոր կատարում, որ այնքան հարուստ է եւ ազդեցիկ, որ կրնայ դիւրաւ կախարդել հայն ու ոչ հայը: Պարզապէս կարելի է հիանալ ի տես այս երաժիշտի տաղանդին, ինչպէս նաեւ` Սիպիլի հոգեհարազատ կատարումներուն: Բացառիկ ստեղծագործութիւններ են մանաւանդ` «Նամակ»-ը, «Ծարաւ սէրի», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ», «Կեանքի մը համար», «Սիրոյ ձայնի» եւ «Յիսուս» երգերը, բոլորն ալ` այս երաժիշտին ստեղծագործութիւններէն:
Այս երգերը կոչուած են ապրելու երկար ժամանակ: Անոնք որոշ ժամանատահատուածի մը եւ անցումային փուլի մը համար չեն գրուած: Անոնք մնայուն տեղ պիտի գրաւեն հայ երգի գոհարներու շարքին: Մաղթենք, որ այս երաժիշտը շարունակէ իր ստեղծագործական ուղին նոր ստեղծագործութիւններով` հարստացնելով մեր դարաւոր մշակոյթը:
Ուրախութիւն էր նաեւ իմանալ, որ երաժիշտը արժանացած էր սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալին:
Երաժիշտը վերջին երկու տարիներուն կ՛աշխատի ծաւալուն գործի մը վրայ (հայրենի նշանաւոր բանաստեղծ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը»), որ կը ծրագրուի նաեւ ներկայացնել Երեւանի մէջ, յառաջիկայ սեպտեմբերին, Հայաստանի անկախութեան առիթով եւ սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով:
Կը սպասենք անհամբեր:
Մուսա Լեռ–Այնճար
11 յուլիս 2018
Հայ Երգչուհին, Որ Գրաւեց Պոլիսը, Եւ Ո՞վ Է Այս Տաղանդաւոր Պոլսահայ Երաժիշտը
Leave a Reply