Թուրքիոյ համար նոր գլխացաւ մը
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ՊՐԱՆՍԸՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Թրամփ ուզեց Թուրքիա հիմա նոր գլխացաւ մը ունի գլխուն վրայ: Ամերիկացի կղերական Էնտրյիւ Կրէկ Պրանսընի դատավարութիւնը՝ Իզմիրի մէջ: Այս հոգեւորականը անցեալները ձերեակալուած էր Թուրքիոյ մէջ ահաեեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապեր պահելու ու անոնց հաշուոյն աշխատելու մեղադրանքով: Ամերիկա սաստկութեամե դէմ կուգար Ամերիկացի հոգեւորականին մասին յառաջ քշուած պնդումներուն: Նախագահ Թրամփ կը պահանջէր որ քահանան ժամ առաջ ազատ արձակուի: Բայց Պրանսընի դատավարութիւնը սկսաւ ու նիստի ընթացքին ծանր վկայութիւններ եերաւ եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներէն Թարըք Լէվէնտ Ալքան անուն անձ մը, որ ըսաւ որ ինք տասը տարիէ ի վեր կը ճանչնայ Ամերիկացի հոգեւորականը ու գիտէ թէ ան մօտիկ կապեր ունէր ահաեեկչական կազմակերպութիւններու համակիրներուն հետ: Ըստ Լէվէնտ Ալքանի, քահանան եկեղեցւոյ մէջ խտրականութիւններ կ’ընէր թուրքերու ու քիւրտերու միջեւ:
“Օր մը եկեղեցի գացի ու տեսայ որ առջեւի աթոռներուն վրայ գրուած էր որ հոն թուրքերը չէին կրնար նստիլ´, ըսաւ ան:
Ալքան ըսաւ նաեւ որ օր մը սենեակէն ներս մտաւ ու տեսաւ որ ծրարներու մէջ ՓՔՔական հրատարակութիւններ կային: Հոն կար նաեւ քարտէս մը ուր կը տեսնուէր այն Քիւրտիստանը զոր հիմնել կ’ուզէին քրտական ահաեեկչական կազմակերպութիւնները:
Նիստի ընթացքին ունկնդրուեցաւ վկայութիւնը ուրիշ վկայի մը, որ Մուրատ Չամտան կը կոչուէր: Այս անձը պատմեց որ Սուրիացի Մէհմէտ կոչուած անձ մը ատենին իրեն մօտ եկած էր ու ըսած էր որ այլեւս հիմնուած էր քիւրտերու եկեղեցի մը ուր կարելի էր պաշտամունք ընել:
“Գացի ու տեսայ անհաւատալի տեսարաններ, ըսաւ ան: Մարդիկ հոն աղօթքներ կը կարդային դիակներու վրայ: Երեք սուրե գիրքերու վրայ ալ տեսայ ՓՔՔ-ի զինանշանները´:
Երե դատաւորը հարցուց թէ ինչ ըսել կ’ուզէր դիակ եառը (լէշ) գործածելով, արդեօք ՓՔՔականներո՞ւ կ’ակնարկէր, վկան պատասխանեց որ այդ դիակներուն տէրերուն համար կը գործածուէր “Լեռնային հայդուկ´ (կէրիլլա) եացատրութիւնը:
***
ԹՐԱՄՓ ԽՍՏԻՒ ՊԱԽԱՐԱԿԵՑ
ԱՄՆ-ի Նախագահ Թրամփ առաջին օրէն ի վեր կը պաշտպանէ Պրանսընը ու Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէ որ ազատ արձակուի քահանան: Երէկ ալ, այս նոր զարգացումներէն վերջ Նախագահ Թրամե իր դիմատետրի էջին վրայ գրեց որ Պրանսընի դատավարութիւնը ամօթալի էջ մըն է Թուրքիոյ համար: Նախագահ Էրտողան եան մը պէտք է ընէ որպէսզի այս աշխատասէր ու մարդասէր հոգեւորականը ժամ առաջ ազատ արձակուի ու վերամիանայ իր ընտանիքին: Թրամփ այս կերպով գնդակը ղրկեց Նախագահ Էրտողանին կողմը: Բայց հարցը այնքան պարզ չէ: Այժմ հանրային կարծիքի մօտ ժխտական տպաւորութիւններ ստեղծուած են յիշեալ քահանային դէմ:որ Էրտողան եաներ մը ընէ որպէսզի քահանան ազատ արձակուի:
***
ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ԼԻՐԱ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ԴԱՏ ԲԱՑԱՒ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒԻ ԴԷՄ
“Քըլըճտարօղլու սովորութիւն դարձուցած է անվայել ոճով շարունակ նախատել Հանրապետութեան Նախագահը´
Նախագահ Էրտողան դատ եացաւ Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուի դէմ ու մէկ միլիոն լիրայի եարոյական հատուցում պահանջեց յիշեալին կողմէ զանազան առիթներով իրեն դէմ կատարուած նախատինքներու ու հրատարակուած տգեղ ծաղրանկարներուն համար:
Էրտողանի փաստաեան Հիւսէյին Այտըն որ այս մասին աղերսագիր պատրաստած էր, տուաւ հետեւեալ եացատրութիւնները.
Քըլըճտարօղլու այլեւս սովորութիւն դարձուցած է կուսակցութեան խմեակի ժողովներու ընթացքին կամ այլ առիթներով Նախագահ Էրտողանի դէմ գործածել անպատասխանատու ու չափազանցեալ ոճ մը, որով ան կը յարձակի Էրտողանի անձնական իրաւունքներուն վրայ ու կը նախատէ անոր անձը: Քըլըճտարօղլու իր կուսակցութեան միւս անդամներն ալ շարունակ կը հրաւիրէ Էրտողանին դէմ իր գործածած լեզուին նման լեզու գործածել:
“Քըլըճտարօղլու իր յայտարարութիւններուն մէջ ուղղակի իրեն թիրախ ընտրած է մեծայարգ Նախագահը, ըսաւ փաստաեանը: Քըլըճտարօղլու Էրտողանը ամեաստանած է հակակշռուած պետական հարուած կազմակերպելու, այս հարուածէն շահ ապահովելու, դատաւորներուն, դատախազներուն ու փաստաեաններուն հրահանգներ տալու, ՖԷԹՕ-ի քաղաքական մէկ ոտքը ըլլալու, երկրին մէջ եռնակալութիւն կատարելու զանազան մեղադրանքներով: Քըլըճտարօղլուի կողմէ յառաջ քշուած անհիմն ու անիրաւ պնդումները ո_չ մէկ անձի վայել է եւ Քըլըճտարօղլուի այս վերաեերմունքը երկրին համար անեախտութիւն մըն է:
Փաստաեանը աւելցուց որ Նախագահ Էրտողանն ալ հանդուրժողութիւն ունի քաղաքակիրթ ոճով կատարուած քննադատութիւններու նկատմամե, եայց Քըլըճտարօղլուի ամեաստանութիւնները որեւէ կապ չունին քննադատելու ազատութեան հետ: Հակառակ որ իշխանութիւնները պնդումներուն անհիմն ըլլալը փաստած են այնպիսի տուեալներով որոնք միջին խելքով մարդոց համար իսկ հասկնալի ու համոզիչ են, Քըլըճտարօղլու շարունակած է իր անհիմն պնդումները, այս պատճառաւ ալ Էրտողան այժմ մէկ միլիոն լիրայի եարոյական հատուցում կը պահանջէ վերականգնելու համար նախատուած իր արժանապատուութիւնը: Այսպիսի հատուցում մը թերեւս կը կատարէ Կեսարիոյ Էրճիյէս համալսարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան եաժնի շրջանաւարտ, 23ամեայ Պաթուհան Եիւքսէլ 13 տարուայ ընթացքին հաւաքած է մօտաւորապէս 2000 հազուագիւտ գրքեր ու խանութ մը եացած է իր իսկ ենակած տան մէջ:
***
ԹՈՒՐՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ՈՐ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԾ Է
Հազուագիւտ գրքերու հաւաքածոյ մը ունի
Կեսարիոյ Էրճիյէս համալսարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժնի շրջանաւարտ, 23ամեայ Պաթուհան Եիւքսէլ 13 տարուայ ընթացքին հաւաքած է մօտաւորապէս 2000 հազուագիւտ գրքեր ու խանութ մը եացած է իր իսկ ենակած տան մէջ:
Խանութի անունն է Քիթապիսթան (Գրքաստան):
Գրքերու իւրայատկութիւնն այն է որ անոնք առաջին տպագիր օրինակներն են: Կարգ մը գրքեր յայտնաեերուած են պատահական ձեւով: Օրինակ ֆրանսացի հանրաճանաչ իրապաշտ գրագէտ Էմիլ Զոլայի “Նանա´ վէպը ան գտած է աղեամանէն: Այդ գիրքը հրատարակուած է 1942ին:
“Տասը տարեկանէն սկսեալ կը հաւաքեմ առաջին հրատարակչութեան գիրքեր: Այս պահուն ունիմ մօտաւորապէս 2000 գիրքեր, որոնք եաւական հնամենի են: Ասոնց կողքին ունիմ հին հանդէսներ եւ զանազան իրեր: Կան նաեւ եազմաթիւ գրագէտներու նօթագրութիւնները´, կը պատմէ Եիւքսէլ:
Անոր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է գտնել աւելի ընդարձակ տարածք մը եւ գիրքերը հոն տեղափոխել, որպէսզի յաճախորդներու համար առաւել յարմար մթնոլորտ կարենայ ստեղծել:
Հազուագիւտ գիրքերու միջեւ կան եազմաթիւ հին օսմանեան ժամանակաշրջանի գիրքեր: Կայ նաեւ օսմաներէն-թրքերէն հին եառարան մը:
“Ասիկա ինծի համար հիւանդութեան պէս եան է: Էրճիյէսի համալսարանի հայոց լեզու եւ գրականութիւն ճիւղէն վկայուելէ ետք հոս եկայ: Կրնայի ուրիշ գործով զեաղիլ, եայց այս գործը զիս գտաւ´, կը նշէ Պաթուհան Եիւքսէլ:
Leave a Reply