Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ զինուորական պատրաստութեան իր առաքելութիւնը աւարտելէն ետք», միջազգային ուժերուն հետ համաձայնաբար քաղաքէն դուրս եկած է:
«Այս քայլը համահունչ է իր սահմաններուն մօտիկ շրջաններէն անոր հեռացման թրքական պահանջին», նշեց խորհուրդը:
Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով այդ յայտարարութեան, նշեց. «Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու սուրիական Մընպեժէն ամբողջական հեռացման մասին լուրերը չափազանցուած են»:
Leave a Reply