ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոսից

ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ, 132 ՄԵՌԵԱԼ, 230 ՎԻՐԱՒՈՐԵԱԼ

Մեր դարաշրջանը այլեւս ահաբեկչական արարքներու զոհուածներու դարաշրջան դարձած է։ Պատմութեան ամէնէն հին օրերէն ի վեր ահաբեկչութիւն կոչուածը կայ, բայց կան այնպիսի ահաբեկչութիւններ, որոնց զոհ կ՚երթան ո_չ թէ ութ, տասը մարդ, այլ հարիւրաւորներ։ Ասիկա կը թուի ըլլալ մեր դարաշրջանի տխուր մէկ երեւոյթը։

Այս մասին վերջին լուրը կուգայ Փաքիստանէ, ուր քաղաքական երկու հանրահաւաքներու ընթացքին ռումբեր պայթեցան ու զոհուեցաւ 132 մարդ, վիրաւորուեցան աւելի քան 230 քաղաքացի։ Այս թիւերը ահաւոր են, եւ ընդվզեցուցիչ է անդրադառնալ որ այս զանգուածային ջարդը կը կատարուի, օրինակ, պարզապէս սպաննելու համար մէկը, որ երեսփոխանական թեկնածու ընտրուած է։

Առաջին պայթումը, որուն զոհուած են 128 քաղաքացիներ, պատահած է Փաքիստանի Պէփուճիստան նահանգի Մասթունկ քաղաքին մէջ, ուր հանրահաւաք մը կազմակերպած էր երեսփոխանական թեկնածու Նավապզատէ Սիրաժ Րաիսանի։ Ահաբեկիչներուն թիրախը այս անձն էր եւ զոհուածներու միջեւ ան ալ կայ։ Հաղորդուեցաւ որ այս ահաւոր ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԸՇԻՏ կազմակերպութիւնը։ Բայց որքա՞ն ճիշդ է այս հաղորդումը։

Երկրորդ ահաբեկչութիւնը կատարուեցաւ նախկին Նախարար Էքրէմ Հան Տուրանիի կողմէ երկրի Հիւսիսային մասի մէջ կատարուած հանրահաւաքի ընթացքին։ Այս երկրորդ ահաբեկչութիւնը միայն չորս հոգիի մահուան պատճառ դարձաւ։ Առանց վիրաւորուելու փրկուեցաւ նաեւ Տիւրանի, որ հաւանաբար ահաբեկչութեան թիրախն էր։ Տիւրանի պայթումէն վերջ լրագրողներու հետ խօսեցաւ ու ըսաւ որ պայթումը պատահաեցաւ երբ ինք բեմէն հեռացած ու ինքնաշարժ նստած էր ու շրջապատուած էր իր կուսակցութեան համակիրներով։ “Իմ ապահովութեան պաշտօնեաները արդէն զիս զգուշացուցած էին հաւանական վտանգի մը մասին´, ըսաւ ան։

Փաքիստանի պարագային, այս երկու ահաբեկչութիւնները նորութիւն չեն։ Լրատու գործակալութիւնները այս առթիւ կը յիշեցնեն Փաքիստանի զանազան քաղաքներուն մէջ աւելի առաջ պատահած ահաբեկչութիւնները, որոնց զոհուածներուն թիւերն ալ արհամարհելի չեն։

***

Սթար թերթի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան համաձայն

ՀԷ-ՏԷ-ՓԷՑԻ ՎԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՐՑԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԸՆՏՐՈՒԻԼ

ՕԳՏՈՒԵԼՈՎ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՊԱՐԱՊՈՒԹԵՆԷ

Յիշուած երեսփոխաններուն միջեւ Կարօ Փայլանն ալ կայ

“Սթար´ թերթը երէկ հրատարակած էր թղթակցութիւն մը, որուն թիրախն էին Հէ-Տէ-Փէցի վեց երեսփոխաններ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապ ունենալու մեղադրանքով հարցաքննութեան տակ գտնուելով հանդերձ կրցան երեսփոխան ընտրուիլ ու այս կերպով տեղ ունեցան Խորհրդարանին մէջ։ Թերթը կը նշէ որ Հէ-Տէ-Փէցի այս վեց երեսփոխանները դարձեալ կրցան օգտուիլ օրէնսդրական այն պարապութենէն, որ առկայ է Թուրքիոյ այսօրուան իրաւակարգին մէջ։ Այս նոյն պարապութենէն է որ դարձեալ կ՚օգտուի Սէլահատտին Տէմիրթաշ։ Թէեւ Մայր Սահմանադրութիւնը յստակ կերպով կը նշէ որ երեսփոխան չեն կրնար ընտրուիլ այն անձերը, որոնք զանազան յանցագործութիւններու ամբաստանութեամբ հարցաքննութեան տակ են, բայց ատոր համար պայման է որ դատական վճիռ մը արձակուած ըլլայ։ Այս պարապութենէն է որ ահաւասիկ օգտուած են Հէ-Տէ-Փէցի վեց երեսփոխանները, որոնց նկատմամբ այնքան ծանր կասկածներ կան եւ որոնք սակայն կրցած են մտնել Խորհրդարանէն ներս, Խորհրդարան՝ որ սիրտն է այն երկրին, զոր անոնք քանդել կը ջանան։

Ուշագրաւ է որ այս թղթակցութիւնը, օրէնքի պարապութենէն օգտուող այս վեց կասկածելի երեսփոխաններուն միջեւ կը նշէ նաեւ Կարօ Փայլանի անունը։

***

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ  ՀԱՅ ԷՋԱՏԷՐԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

Հայկական արմատներով էջատէր (պլոքքըր) Վլատ, որ շաբաթ մը առաջ իր էջին վրայ տեսանիւթ մը հրապարակած էր Ատրպէյճան կատարած այցելութեան վերաբերեալ, յայտնեց թէ սպառնալիքներ կը ստանայ։ Այս մասին Եու-թիւպի իր էջին վրայ կը պատմէ էջատէրը, տեսաուղերձի մը միջոցաւ։

Ան Ատրպէյճան այցելած է Սպիտակ Ռուսիոյ անձնագրով ու հիմա կը խնդրէ տարածել տեսանիւթը եւ այդպիսով օգնութիւն խնդրել։

“Ինչպէս կը սպասուէր, իրավիճակը անկայուն է։ Տարածեցէք տեսանիւթը, տարածեցէք իմ մասին տեղեկութիւններ։ Միայն այդ ճանապարհով ես կրնամ անվտանգ ըլլալ´, կը նշէ էջատէրը։

Վլատ դիտել կուտայ նաեւ որ կը փափաքի պարզել իր այցելութեան նպատակը։ Ան կը գրէ որ ինք Ատրպէյճան այցելած է զբօսաշրջութեան նպատակով եւ իր հրապարակած տեսանիւթն ալ յետին որեւէ նպատակ չէ ունեցած։

“Իմ հասցէին համացանցի վրայ ամէնէն աւելի կը հնչէ սա մեղադրանքը. կը պնդուի թէ իմ հրապարակած տեսանիւթը սադրիչ նպատակ մը ունի եւ որ ատրպէյճանցիները վարկաբեկելու համար երկիր մը գումար մը տուած է ինծի´, կ՚ըսէ էջատէրը։

“Ես Ատրպէյճան այցելած եմ, այնպէս, ինչպէս կ՚այցելեմ այլ երկիրներ։ Տեսանիւթին մէջ նշած եմ որ նպատակս էր Ատրպէյճանը մարդոց ցոյց տալ այնպէս, ինչպէս կայ։ Հրապարակած եմ մարդիկ, որոնք ինծի կացարան տուած են, հաց տուած են, օգնած են որ ճամբան անցնիմ, սակայն բոլոր այդ տեսանիւթին մէջ միայն բացասականը տեսան´, կ՚աւելցնէ ան։

Էջատէր Վլատ կը յայտարարէ որ ինք զուտ էջատէր է եւ տեսանիւթը կը նկարահանէ միայն իր “քանալ´ին համար։ “Ես 23ամեայ տղայ եմ տեսախցիկով, ո_չ աւելին, երբեք առաջարկ չեմ ստացած որեւէ բան գնելու կամ վաճառելու համար´, կ՚ըսէ ան։

Էջատէրը կ՚ընդգծէ որ զբօսաշրջիկի հանդէպ այն թշնամութիւնն ու հակակրութիւնը, որուն ականատես եղած է Ատրպէյճանի մէջ, չէ տեսած որեւէ այլ երկրի մէջ եւ բնական է որ ինք նմանօրինակ արձագանգ տուած է այդ բոլորին։

Քաղաքական հետապնդումի կ՚ենթարկուի մարդ մը, որ երբեք կապ չէ ունեցած քաղաքականութեան հետ, կ՚ըսէ էջատէր Վլատ։

***

ԿԸ ՆՇՈՒԻ 15 ՅՈՒԼԻՍԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՁԱԽՈՐԴ ՀԱՐՈՒԱԾԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Նախագահ Էրտողան ժողովուրիդն հետ պիտի քալէ Իսթանպուլի կամուրջին վրայ

Վաղը 15 Յուլիսի պետական ձախորդ հարուածի երկրորդ տարեդարձն է եւ այս տարեդարձը ամենաբարձր մակարակի վրայ պիտի յիշուի, անգամ մը եւս պիտի դատապարտուի ՖԷԹՕ կազմակերպութիւնը, պիտի ոգեկոչուին այդ անմոռանալի գիշերուան նահատակները։

Օրերէ ի վեր արդէն քաղաքիս հրապարակներուն վրայ կախուած էին հսկայ որմնազդներ, որոնց մէջ Հանրապետութեան Նախագահը կոչ կ՚ընէր ժողովուրդին իու “Մի մոռնար 15 Յուլիսը´ կ՚ըսէր։ Իրականութեան մէջ ժողովուրդը չէր կրնար արդէն մոռնալ, քանի որ իշխանութիւնները ամէն օր օրակարգի վրայ կը պահեն 15 Յուլիսին Էրտողանի անձին ու իշխանութեան դէմ դարբնուած եւ հարիւրաւոր նահատակներու արեան գնով ձախողութեան մատնուած պետական հարուածը։

Վաղը Նախագահ Էրտողան, Անգարայի մէջ աւարտելէ վերջ այս կապակցութեամբ իր հանդիպումները, Իսթանպուլ պիտի գայ ու նախ քայլարշաւ մը պիտի ընէ այլեւս “15 Յուլիսի Նահատակներ´ կոչուած կամուրջին վրայ, ապա պիտի երթայ նահատակաց գերեզման, պիտի ընէ նաեւ մասնակից բացումը 15 Յուլիսի Թանգարանին, որու շինութիւնը կը կատարուի 500 մեթր քառակուսիի վրայ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ