ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Յուլիս 10ին, Պոլսոյ մէջ կայացաւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին 75րդ նիստը:
Նիստին ընթացքին հարցաքննուեցան շարք մը վկաներ, որոնցմէ մէկը եղած է սպանութիւնը ծրագրելու յանցանքով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Եասին Հայալի ազգականը՝ Ճոշքուն Իղճին:
Վերջինս իր վկայութեան ընթացքին յայտնեց, որ Տինքի սպանութենէն առաջ Հայալ իրեն ըսած է, թէ կը ծրագրէ սպաննել Տինքը: «2006ի յուլիսին, Հայալ ըսաւ, որ պիտի սպաննէ Հրանդ Տինքը՝ աւելցնելով, որ Տինք հայկական ծագումով լրագրող մըն է, որ թուրքերուն մասին չափէն աւելի աւելորդ կը խօսի եւ կը գրէ», պատեց վկան:
Այդ լուրը ստանալէ ետք, օրին, Իղճի այդ մասին տեղեկացուցած էր հետախուզութեան աշխատակիցները: «Ես հաղորդեցի այդ մասին, որովհետեւ գիտէի, որ Եասինի խօսքը գո՛րծ էր: Ես կ՛ուզէի պաշտպանել Եասինը՝ ուրիշներու կողմէ օգտագործուելէն, քանի որ Տրապիզոնի մէջ պարզ վաճառող մը նման յանցանք չէր կրնար ծրագրել ու իրագործել՝ առաձնաբար: Իմ համոզումով, որոշ մարդիկ Եասինը կ՛օգտագործէին իրենց նպատակին հասնելու համար», եզրակացուց վկան:
Դատական նշեալ նիստէն անմիջապէս առաջ, դարձեալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան դատարանին առջեւ ցոյց կատարող «Տինքի ընկերներ» նախաձեռնութեան մասնակիցները՝ յիշեցնելով, որ Տինքի սպանութեան գծով դատավարութիւնը արդէն իսկ 11 տարիէ ի վեր կը շարունակուի, մինչ ոճիրին իսկական կազմակերպիչները անպատիժ կը մնան։
Նշենք, որ 2 յուլիս 2007ին սկսած դատական այս գործով ամբաստանուած է առնուազն 85 մեղադրեալ, որոնցմէ 24ը 2017ին անպարտ արձակուած է:
Horizonweekly.ca
Leave a Reply