Իր հիմնադրութեան ութերորդ հարիւրամեակին դիմաւորութեան սպասող Ատրպատականի Հայոց թեմը, հարուստ իր մշակութային ժառանգութիւններով՝ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին համայնքի թիւի նուազումին հետեւանքով, հայաթափուած գաւառներ եւ գիւղեր շատ ունի: Անոնք երբեմն թեմի կեդրոնէն՝ Թաւրիզէն շատ հեռու են, իսկ անոնց մէջ գտնուող ազգապատկան կալուածները՝ առաւելաբար եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուներ, մնացեր են «բաց երկինքի տակ», բնութեան եւ գանձախոյզներու պատճառած աղէտներուն ենթակայ:
Ատրպատականի առաջնորդական պաշտօնին համար իր ընտրութեան օրէն սկսեալ (Յունուար 2012), Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան նախաձեռնած էր թեմի տարածքին գտնուող բոլոր ազգապատկան կառոյցներուն ցանկագրման երախտարժան աշխատանքին՝ հաւատալով, որ գէթ գիրի միջոցաւ անոնք պէտք է փրկուին, յաջորդող սերունդներուն կտակուելով իբրեւ մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն արձանագրելի յիշարժան մշակութային կոթողներ:
Այս դժուարին աշխատանքին արդիւնքն է «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում – Հայկական Յուշարձանների Հետքերով» կոթողական երկասիրութիւնը 546 էջերու սահմաններուն մէջ, որուն շնորհահանդէսը պաշտօնապէս կատարուեցաւ Ս. Թադէի վանքի շրջափակին մէջ, Ուրբաթ, 28 Յուլիս 2017ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, վանքի տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, հովանաւորութեամբ Ազգային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանական ուսանողներու միութեան վարչութեան:
Շնորհահանդէսին ներկայ էր գիրքին հեղինակ առաջնորդ սրբազանը, նաեւ թեմի հոգեւորականաց դասը եւ հիւր հոգեւորականներ, ազգային իշխանութեան անդամներ, պետական ներկայացուցիչներ, համալսարանականներ, մտաւորականներ, Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի անդամներ եւ հրաւիրեալ ուխտաւոր բազմութիւն:
Երեկոյին բացման խօսքը կատարեց դոկտ. Վարդան Սիմոնզ: Ան գիրքին եւ անոր ընծայման վայրին միջեւ գեղեցիկ զուգորդութիւն կատարելէ ետք շեշտեց, թէ հսկայ աշխատանքի արդիւնք գիրքը, Ատրպատականի հայոց թեմի նորագոյն «համայնագիտարան»ն է, ազգային-եկեղեցական մեր կառոյցներուն դեռ մէկ մասին պատմութիւնը ամփոփող, որուն առաջին հատորին վստահաբար պիտի հետեւին յաջորդ երկուքը:
Գիրքին ներկայացումը կատարեց Համալսարանական միութեան վարչութեան ատենապետուհի Անահիտ Յակոբեան: Մտաւորական տիկինը, որ իր հօր՝ գնդ. Էմիլ Յակոբեանէն ժառանգած էր սէրը եւ բծախնդրութիւնը պատմական թեմի յուշարձաններուն նկատմամբ, հանգամանօրէն ներկայացուց գիրքը, զայն կոչելով «կոթողական աշխատութիւն», որուն դժուարին աշխատանքը անձնապէս ծրագրեր եւ սիրայօժար ստանձնած էր թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան։
«Ուրախ ենք այսօր, որ Ատրպատականի Հայոց թեմին մէջ անգամ մը եւս ականատեսը եւ վկան ենք անմոռանալի եւ յաւերժական արժէք ներկայացնող ձեռնարկութեան մը, արժէքաւոր աշխատութեան մը, թեմի 200էն աւելի եկեղեցիներու եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը անմահացնող տպագրութեան, ի հարկէ առաջին հատորին, որ պարծանք ու պատիւ է ամէն մէկ ատրպատականցիի համար, անիկա ըլլայ բնիկ թաւրիզեցի կամ երբեմնի հայաշատ գաղութներու նախկին բնակիչ, որ այժմ պայմաններու բերումով հեռու կ՛ապրի իր պապենական հողէն», ըսաւ Անահիտ Յակոբեան: Ապա ան անդրադարձաւ հեղինակի անձին եւ Ատրպատականի հայութեան մօտ ունեցած փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի բացայայտ երեւոյթին, եւ վերջին տարիներուն անոր ծաւալած գործունէութեան բազմաշերտ երեսներուն։ «Սրբազան հայրը առաջին օրէն յատուկ տեղ գրաւեց Ատրպատականի հայութեան սիրտերուն մէջ: Իր լաւատեղեակ ըլլալը պատմութեան, հոգեւոր կառոյցներուն եւ ինչու չէ նաեւ իր հոգատար վերաբերումը թեմական մակարդակի վրայ բարեզարդումներու եւ նորոգութիւններու նկատմամբ, աւելի կապեց թէ զինք ժողովուրդի տարբեր խաւերուն հետ, եւ թէ ժողովուրդին՝ իր փափագած առաջնորդին հետ», ըսաւ Յակոբեան:
Գիրքի բովանդակութեան եւ մասնագիտական մօտեցումով պատրաստուած նիւթերուն մասին հակիրճ տեղեկութիւն տալով՝ Անահիտ Յակոբեան ըսաւ. «Սկսեալ Ղալայի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ ամէն մէկ խաչքարէն, յիշատակարանէն, գերեզմանաքարէն մինչեւ Ս. Սարգիս եկեղեցի, Մարալանի Ս. Աստուածածին մատուռ, նահատակաց յուշարձաններ, Դարաշամբի եկեղեցիներ, որոնց սովորաբար ոչ դիւրին ճամբաներով կարելի է հասնիլ, գտնուած գերեզմանաքարերը, իր կառոյցով եզակի մնացած Հովուի մատուռը Մայր Արաքսի ափին, Արտազ գաւառի ժայռափոր ճգնարանները եւ մատուռը, ժամանակին հայաշատ եւ պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն օրհասական կռիւներու օրրան Սալմաստ գաւառի բազմաթիւ եկեղեցիներն ու մատուռները, գերեզմանաքարերը՝ Սառնա, Մահլամ, Հաֆթուան գիւղերուն մէջ, երկրաշարժէն փրկուած բեկորներ ու անձեր, Խոյի, Մահլազանի, Գոհարանի, Գրիսի, Ֆանայիի, Եդիիլարի, Վառի եկեղեցիներն ու մատուռները, որոնցմէ ոմանք արդէն ոչնչացեր են»։
Սրբազան հօր լեզուական ու ոճային առանձնայատկութեան անդրադառնալով՝ ան ըսաւ. «546 էջերէ բաղկացած այս սքանչելի աշխատանքը այնքան պարզ, հետաքրքրական եւ հարազատ է շարադրուած, եւ յիշատակուած բազմաթիւ վայրերէն մեծամասնութիւնը այնքան մօտ են ատրպատականցիներու սրտին ու ինչու չէ նաեւ անոնք հետաքրքրական են առհասարակ հայագէտներու եւ պատմական նիւթերու հետազօտողներուն համար, որ ընթերցումը կը կատարուի շատ դիւրին»:
Գրքի երկրորդ՝ «Հնագիտական Հետազօտութիւններ» բաժինին մասին արտայայտուելով՝ մտաւորական տիկինը ըսաւ. «Հեղինակը անձամբ գտեր է մասունքներ, հեթանոսական շրջանէն քարէ արձաններ եւ ամէնէն կարեւորը, որ արձանագրութեան արժանացաւ, Թաւրիզի մէջ, Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ կից, Առաքել Դաւրիժեցիի տան վայրին յայտնաբերումը եղաւ»:
Եզրափակելով գիրքի ներկայացման իր մտածումները՝ Անահիտ Յակոբեան ըսաւ. «Այսօր բոլորիս համար բարձր է ոգեւորութիւնը սոյն տպագրութեան առիթով, սակայն սոյն հրատարակութեան իսկական արժէքը, ինչպէս պատմական եւ հետազօտական ուրիշ աշխատանքները կը յանձնուին պատմութեան, որովհետեւ գիտենք որ այս հատորով անմահացաւ Ատրպատականի եկեղեցական ու հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւնը պատմութեան էջերուն մէջ: Հպարտանանք թէ յուզուինք, որ կ՛ապրինք այս թեմին մէջ, արմատներ ունինք բազմադարեան եւ այսօր այս հատորով աշխարհը պիտի ճանչայ մեզ եւ մտերմանայ Ատրպատականին հետ եւ այդ ամէնը շնորհիւ այն անձնաւորութեան, որ թէեւ իր կեանքը նուիրեր է եկեղեցիին եւ Աստուծոյ, բայց նաեւ օժտուած ըլլալով պատմաբանի ու գրականագէտի ձիրքերով, վեց տարիներու իր հաւաքածոն ի մի բերած է 500է աւելի էջերու մէջ եւ անմահացուցած»:
Անահիտ Յակոբեան յիշեց նաեւ գիրքի վերստուգող սրբագրիչներ Իշխան Չիֆթճեանի եւ Ռիթա Զարիֆեանի անունները, ինչպէս նաեւ կողքը ձեւաւորող Համլէթ Նազարբէգեանի անունը, որոնց յայտնեց հեղինակին շնորհակալութիւնները:
Գիրքի ներկայացումէն ետք, ազգային իշխանութեան անունով շնորհաւորական խօսքով հայերէնով եւ պարսկերէնով լ արտայայտուեցաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան: Ան պատիւ համարեց նման գիրքի մը հրատարակութիւնը Ատրպատականի մէջ եւ ուղղակի թեմակալ առաջնորդին գրիչով, յիշեցնելով որ գիրքը մնայուն յուշարարը պիտի ըլլայ թեմի հարուստ ժառանգութեան: Նաեւ երկրի մշակութային ժառանգութիւններու բոլոր հիմնարկութիւններուն համար կարեւոր աղբիւր համարեց ան սոյն գիրքը, եւ զայն պարսկերէնով եւս թարգմանուած տեսնելու փափագ արտայայտեց:
Հանդիսութեան աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի հեղինակ սրբազանը: Աշխատանքի յոգնեցուցիչ բաժինը, որ թեմի ընդարձակ տարածութեան, եղանակային տարբեր պայմաններուն եւ կառոյցներէն շատերու քրտա-թրքաբնակ գիւղերուն մէջ գտնուելու պարագաներուն վերագրեց, հատորի լոյս ընծայումով այդ նեղութիւնները վերացած համարեց ան՝ ըսելով. «Պատմութեան գանձանակին մէջ իմ համեստ լուման նետելով, այս պահուն կը մոռնամ բոլոր այն դժուարութիւնները, զորս կրեցի անցեալ տարիներուն ընթացքին, տեղագրելով սոյն հատորին մէջ ամփոփուած մեր թեմի ազգապատկան կալուածներուն մէկ բաժինը: Ձեր ձեռքերուն մէջ կը դնեմ վկայարան մը: Սուրբերու նահատակութեան վայրերուն վրայ կառուցուած սրբարանները վկայարան կը կոչուին: Այս գիրքը ի՛նք վկայարան է, որովհետեւ պարագաներու բերումով խոնարհած եւ խոնարհուող մեր սրբարաններուն հաւաքավայրն է այս գիրքը, որուն յաջորդ երկու հատորները եւս պիտի հրատարակեմ, եթէ Աստուած պարգեւէ կեանք եւ առողջութիւն», ըսաւ սրբազանը:
Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական ելոյթներ ունեցան Ալիս Եղոյեան (երգ), եւ Ռիթա Զարիֆեանը (ասմունք): Ելոյթներուն երգեհոնով ընկերակցեցաւ Կարէն Սարգիսեան:
Սուրբ Թադէի վանքի զոյգ գմբէթներուն վեհ հովանիին տակ տեղի ունեցած պատմական սոյն շնորհանդէսը անմոռաց յուշեր թողեց ներկայ մշակութասէր հանդիսատեսի մտքին մէջ եւ մեծ ազդեցութիւն՝ ներկայ ուխտաւորներու հոգիին վրայ, միաժամանակ քաջալեր հանդիսանալով հեղինակ սրբազան հօր, շարունակելու իր երախտարժան աշխատանքը, մշակութային արժէքները կորուստէ փրկելու եւ պատմութեան կտակելու նուիրական գործին մէջ:
ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
Leave a Reply