Երեւանի մէջ այսօր կը բացուի «Քարերու պոէզիա. Անի» ցուցահանդէսը

ՀՀ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ուսումնարանի «Տրդատ» սրահին մէջ այսօր, երեկոյեան ժամը 17։00-ին, կը բացուի «Քարերու պոէզիա. Անի» խորագիրով ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Քաղաքաշինութեան կոմիտէն

Ցուցահանդէսին կը ներկայացուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խումբ մը փորձագէտներու ջանքերուն շնորհիւ հաւաքագրուած, 2016-ին UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած, Անի քաղաքի շրջակայքի ճարտարապետական ժառանգութիւնը։

Ցուցահանդէսը կը գործէ Կառավարական շէնք N 3 հասցէին մէջ, մուտքը՝ Հանրապետութեան փողոցի կողմէն:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կ՝իրականացուի «Անատոլու քիւլթուր»-ի, Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի եւ Նորուէկիոյ մշակութային ժառանգութեան հետազօտութիւններու ուսումնարանի (NIKU) համագործակցութեամբ:

http://www.yerakouyn.com/?p=157440 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ