Կարպիս Քէշիշօղլու պարգեւատրուեցաւ Թուրքիոյ Լրագրողներու միութեան կողմէ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, 27 յունիսին, Թուրքիոյ Լրագրողներու միութեան հիմնարկութեան 72ամեակին առթիւ, նոյն միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն բացման խօսքը արտասանեց Լրագրողներու միութեան ատենապետ Թուրկայ Օլճայթօ։
Մեծարուեցան 1936-1937 ծնունդ 47 վաստակաշատ լրագրողներ, որոնցմէ մէկն էր Պոլսոյ հա համայնքէն, «Մարմարա»ի աշխատակից Կարպիս Քէշիշօղլուն, որ այս առիթով ստացաւ իր յուշանուէրը: Այնուհետեւ Միութեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ։

Յայտնենք, որ Թուրքիոյ Լրագրողներու միութիւնը հիմնուած էր 10 Յունիս 1946ին, որուն առաջին ատենապետն էր Սետաթ Սիմավի։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ