Աքսոյ. «Թրքական բանակը տակաւին պիտի չհեռանայ Աֆրինէն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը տակաւին որոշ ատեն պիտի չհեռանան Սուրիոյ Աֆրին քաղաքէն: Այս մասին կը հաղորդէ ՏՀԱն:

Աքսոյ նշած է, որ իրենք մինչեւ օրս կը շարունակեն տեղւոյն անվտանգութեան ուժերու ուսուցման եւ զինման հոլովոյթը:

Յիշեցնենք, որ թրքական զինեալ ուժերը Սուրիոյ մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» անունը կրող գործողութիւնները շղթայազերծած էին 20 յունուարին:

http://www.aztagdaily.com/archives/399484 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ